ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

ՏՕՆԵՐ

Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները, բացի Երուսաղէմի պատրիարքութենէն, կը հետեւին Գրիգորեան տոմարին: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը հետեւի Յուլիանական տոմարին: Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն, տարուան օրերը բաժանուած են երեք մասի՝ Տէրունի, Սրբոց եւ Պահոց:

Տէրունական կը համարուին Քրիստոսի փրկական տնօրինութիւններուն, ինչպէս նաեւ Աստուածամօր, խաչի եւ Եկեղեցւոյ վերաբերող տօները, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին միմեանց հետ:

Սրբոց տօները նուրիրուած են առաւել յայտնի սուրբերու յիշատակութեան։ Իսկ միւս սուրբերը եկեղեցւոյ մէջ պարզապէս կը յիշատակեն՝ Յայսմաւուրքէն անոնց վարքերը ընթերցելով: Այդ պատճառով Եկեղեցին հաստատած է նաեւ Ամենայն սրբոց տօնը հին եւ նոր, յայտնի եւ անյայտ բոլոր սուրբերու համար:

Բոլոր մեծ տօներուն (բացի Համբարձումէն եւ Հոգեգալուստէն) կը նախորդեն պահոց օրեր կամ շրջաններ, որոնք իւրայատուկ առիթ են տօներուն նախապատրաստուելու համար եւ գլխաւորապէս կը կոչուին անոնց անունով:

Տարուան ընթացքին մեր Եկեղեցին կը տօնախմբէ 5 կարեւորագոյն տօներ, որոնք կը կոչուին նաեւ տաղաւար տօներ:

Ատոնք են․

  • Սուրբ Ծնունդ եւ Աստուածյայտնութիւն՝ Յունուար 6․
  • Սուրբ Յարութիւն (Զատիկ)՝ գարնան գիշերահաւասարի լուսինի լրման առաջին կիրակի օրը․
  • Պայծառակերպութիւնը կամ Վարդավառ՝ Զատկէն 14 շաբաթ ետք․
  • Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխում՝ Օգոստոսի 15-ի մօտակայ կիրակին․
  • Խաչվերաց կամ Խաչի բարձրացման տօն՝ Սեպտեմբերի 14-ի մօտակայ Կիրակին․

Հայ Եկեղեցւոյ տօներու մեծ մասը շարժական է, այսինքն՝ տօնական օրերը ամէն տարի որոշակի կարգով կը փոխուին:

Անշարժ տօներէն են․

  • Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը՝ Յունուար 6․
  • Անուանակոչութեան տօնը՝ Յունուար 13․
  • Տեառնընդառաջի տօնը՝ Փետրուար 14․
  • Աւետման տօնը՝ Ապրիլ 7․
  • Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի ծննդեան օրը՝ Սեպտեմբեր 8․
  • Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի Տաճարին ընծայման օրը՝ Նոյեմբեր 21․

Աննայի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի մօր յղիութեան օրը՝ Դեկտեմբեր 9․

Սկզբնաղբիւրwww.sacredtradition.am