22 Յունիսին, Հինգշաբթի առաւօտ Խաժակ Արք. Պարսամեան հրավիրուած էր մասնակցելու եւ քարոզելու արարողութեան մը՝ Հռոմի Անգլիկան կեդրոնի մատրան մէջ։ Առիթը՝ կեդրոնի տնօրէն եւ Անգլիկան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Սուրբ Աթոռի մօտ, Եան Արք. Էրնէստի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակն էր։
Արարողութեան եւ տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին այլ երկու անգլիկան եպիսկոպոսներ եւ կաթողիկէ, անգլիկան, լուտերական եւ մեթոտիստական այլ հոգեւորականներ ու բարեկամներ։
Ըստ Արեւմտեան Եկեղեցիներու տօնացոյցին, այդ օր նաեւ յիշատակութիւնն էր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի ծննդեան։ Ուստի իր քարոզին սկիզբը Խաժակ Սրբազան շեշտեց, որ կրկնակի առիթ կ՚ընծայուէ ներկաներու գոհութիւնը մատուցանելու Տիրոջ։ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Յովհաննես Մկրտչի տօնը մեզ կը յիշեցնէ թէ՛ Տէրը ինչպէս պատրաստեց ճանապարհը իր յայտնութեան, մասնաւորելով, որ Քրիստոս ուզեց որ փրկագործութեան իր առաքելութիւնը շարունակական մնայ։ «Հետեւաբար այդ առաքելութիւնը փոխանձեց իր Առաքեալներուն ըսելով․ «Գացէք ուրեմն, աշակերտ դարձուցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք անոնց…» (Մատթ. 28:19): «Քրիստոսի աշակերտները իրենց կարգին նոր հաստատուած Քրիստոնեայ համայնքներուն գլուխը եպիսկոպոսներ նշանակեցին։ Եպիսկոպոսը առաքեալներու յաջորդն է, որ կը հսկէ Քրիստոսի առաքելութեան շարունակութեան», – ընդգծեց Սրբազան Հայրը։
Ապա նա անդրադարձաւ Եան Արքեպիսկոպոսի կեանքին եւ անցած 20 տարիներու ընթացքին իբրեւ եպիսկոպոս իրագործած իր կարեւոր առաքելութեանը։ Սրբազանը խնդրեց բոլոր ներկաներին միատեղ աղօթել, որպէսզի Տէրը Եան Արքեպիսկոպոսին շնորհէ առողջ եւ բեղմնաւոր բազում տարիներ։
Արարողութեան աւարտին տօնակատարութիւնը շարուակուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ, ուր բոլորը պատեհութիւն ունեցան անձամբ շնորհաւորելու Եան Արքեպիսկոպոսը։