ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Յիշատակութիւն Վատիկանի մէջ

Ան­ցեալ եր­կու­շաբ­թի՝ 28 փետ­րուա­րին, Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին համաձայն Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի յի­շա­տա­կու­թեան օրուա առիթով Վատիկանում՝ Ս. Թով­մաս Աքուինացիի Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­լի­րէն ներս, հանդիսաւոր ձեռնարկ մը կայացաւ։

Ան կը բաղկանար երկու մասէն։ Ա­ռա­ջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթ­քը, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տե­ցին Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի Հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ եւ Ս. Ա­թո­ռի մօտ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նը եւ Քրիս­տո­նէից միասնու­թեան Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Կար­տի­նալ Քուրտ Քո­խը։ է­քիւ­մե­նիք ա­ղօթ­քին ի շա­րու­նա­կու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կա­հայ փրոֆ. Աբ­րա­համ Տէ­րեա­նի հե­ղի­նա­կած գի­տա­կան ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րով անգ­լե­րէն «Ի խո­րոց սրտի» գիր­քի շնոր­հան­դէսն էր։ Այս գիր­քը լոյս տե­սած է Սեն Ճանս հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն։

Եկեղեցական արարողութեան սկզբին Խաժակ Սրբազա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Կար­տի­նալ Քո­խին եւ Կար­տի­նալ Սանտ­րիին, ո­րոնց հովանաւորու­թեամբ և մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռում ՀՀ դեսպանության և Ս. Թով­մաս Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանի մշա­կուած էր Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի յի­շա­տա­կու­թեան օ­րուայ ծրա­գի­րը։ Ապա ա­ղօթք վե­րա­ռա­քեց հա­մայն աշ­խար­հի ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Ուք­րայ­նա­յի մէջ խա­ղա­ղու­թեան վերահաստատման հա­մար։

Կար­տի­նալ Քոխ իր խոսքի մէջ ­նշեց, որ հա­յազ­գի մե­ծա­նուն սուրբը եւ ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի այս տա­րի եւս հա­մախմ­բած է զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ա­ղօթ­քով իր յի­շա­տա­կու­թեան օ­րուան առ­թիւ։ «Մենք իր բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը կը խնդրենք՝ դէ­պի լիար­ժէք հա­ղոր­դու­թեան ճա­նա­պար­հին։ Կոչ կ՚ուղ­ղենք Ս. Գրի­գո­րին, ո­րուն յա­ճախ կ՚ա­նուա­նեն Խա­ղա­ղու­թեան վար­դա­պետ, աշ­խար­հի վրայ՝ յատ­կա­պէս Ուք­րայ­նա­յի մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար։

Է­քիւ­մե­նիք ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին քա­րո­զեց Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Կար­տի­նալ Լէո­նար­տօ Սանտ­րի։  Քա­րո­զիչ կար­տի­նա­լը յու­զիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով մէջ­բե­րում­ներ ը­րաւ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիէն եւ ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րեց, որ­պէս­զի ա­ղօ­թեն հա­յազ­գի սուր­բին ա­ղօթ­քով, ա­նոր ձայ­նով՝ Տի­րոջ­մէ խնդրե­լով նոյն հա­ւատ­քի եւ նոյն խո­րու­թեան խորհր­դա­ծու­թեան պար­գե­ւը։ «Սի­րե­լի հայ բա­րե­կամ­ներ, թէեւ դուք Նա­րե­կա­ցին պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն ու­նե­ցած էք՝ որ­պէս զա­ւակ ժո­ղո­վուր­դի մը եւ ե­կե­ղե­ցիի մը, որ միակն է իր պատ­մու­թիւ­նով, այ­բու­բե­նով, լե­զուով ու ա­րուես­տի իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, սա­կայն, ան դար­ձաւ բո­լո­րի­նը՝ հռչա­կուե­լով ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պետ»։, ը­սաւ Կար­տի­նալ Սանտ­րի։

Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Ղպտի, Անկ­լի­քան եւ Ողղափառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Մխի­թա­րեան միա­բան­ներ, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ Հա­լէ­պի վի­ճա­կա­ւո­րը՝ Մի­րիա­թեան Գե­րա­պայ­ծառ, Վա­տի­կա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­ներ, այլ զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ա­կա­դե­մա­կան շրջա­նակ­նե­րէ դէմ­քեր եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Վա­տի­կա­նի Ս. Ա­թո­ռի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Կա­րէն Նա­զա­րեան։