ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան Կազնակերպում

25 Յունուար, 2025 թուականին Պրիւքսէլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պրսամեանի տեղի ունեցաւ Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան Կեդրոնական Յանձնա-խումբի առաջին հանդիպումը։

Հանդիպանան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետի-քեան, Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան եւ Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ համայնքներէն նշանակուած երիտասարդներ։

Հանդիպման ընթացքին Խաժակ Սրբազան բացատրեց թէ որքան կարեւոր է երիտասարդներու մասնակցութիւնը Պելճիքայի հայ եկեղեցւոյ համայնքներէն ներս սրբազան առաքելութեան իրականացման մէջ։ Ապա ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան առաքելութեան տեսլականը, որը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով։

✅Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միությունը (ACYOB) Քրիստոսակենդրոն կազմակերպութիւն է, որու նպատակն է Պելճիքայի հայ երիտասարդներու մէջ ազգային մշակոյթի և հոգևոր աւանդութիւններու խոր ըմբռնման ստեղծումը և քաղաքացիական ներգրաւածութեան իրական ոգիի սերմանումը։ ACYOB-ի դերն ու առաքելութիւնը Պելճիքայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքներու համար կենսական են, քանի որ այն ուղղուած է երիտասարդները դաստիարակելու և պատրաստելու՝ ապագային համայնքային ու եկեղեցական առաջնորդութեան դերեր ստանձնելու համար։

✅ Այս նպատակը կեանքի կոչելու համար, կազմակերպութիւնը պէտք է իր անդամներուն ծանօթացնէ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցում-ները և հայ ժողովրդի պատմութիւնը։ Ան պէտք է խրախուսէ երիտասարդներուն ստեղծագործ մտածողութիւն և անոնց տրամադրէ  գործիքակազմ, որու միջոցով անոնք կարողանան արտայայտել իրենց հաւատքը, կարողութիւնները, հետաքրքրու-թիւնները, մտահոգութիւնները և նուիրուածութիւնը։

✅ Այս գործիքակազմը պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռնէ ան-դամներուն՝ կառուցելու ամուր ընկերական ու հոգևոր կապեր։ Կազմակերպութիւնը պէտք է մշակէ ծրագրեր, երիտասարդնե-րուն ներգրաւենլու համար: Անոնց պէտք է մատուցանէ օգտա-կար տեղեկատւութիւններ որպէսզի երիտասարդ սերունդը հպարտ զտայ իր հարուստ ժառանգութեան համար: Այս բոլոր ծրագիրները պէտք է բազմազան ըլլան և ուղղորդէն հայ երիտա-սարդներուն՝ դառնալու իրենց համայնքներու և առհասարակ Հայ եկեղեցական կեանքի ժրաջան մասնակիցներ և առաջնորդ-ներ։