ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Միջեկեղեցական արարողութիւն Վատիկանի մէջ՝ նուիրւած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին

Շաբաթ, 27 Փետրուարին Վատիկանի պարտէզներու մէջ դրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին մօտ  հանդիսաւոր միջեկեղեցական արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մօտ Ներկայացուցչութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ Դեսպանութեան ու հովանաւորութեամբ Վատիկանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Ժողովի կառաւարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի եւ Քրիստոնէական միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Կուրտ Կոխի։

Հայ մե­ծագոյն սուրբի ու աս­տուածա­բանի յիշատակութեան արարողութեան՝ նախագահութեամբ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ու ներկայությամբ կարդինալներ Լէոնարտo Սանտրիի ու Կուրտ Կոխի, իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ առաքելական եւ կաթողիկէ հոգեւորականներ։      Դիտել տեսանիւթը 🎬

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ դեսպաններ՝ Տիար Կարէն Նազարեան եւ Տիկին Ծովինար Համբարձումեան, Սուրբ Աթոռի մօտ տարբեր երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Հռոմի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութեան ժամանակ՝ հայ համայնքի երիտասարդ երաժիշտներու կատարմամբ հնչեցին Սբ․ Գրիգոր Նարեկացիի տաղերէն՝ «Հաւոն հաւոն» /սրինգ՝ Սոնա Հակոբեան/  եւ  «Սայլն այն իջանէր» /երգեցողութիւն՝ Մարինէ Գրիգորեան/։

Իր փակման խօսքի մէջ դեսպան Նազարեան՝ բնորոշելով Գրիգոր Նարեկացին որպէս «Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ, որն ունակ է միաւորել ժողովուրդներն ու եկեղեցիները»,  վերահաստատեց հայ ժողովուրդի կամքը «միասնական շարունակել եղբայրական ճանապարհը եւ համաշխարհային երկխօսութիւնը՝ ի նպաստ միմեանց սուրբ գանձերու փոխանակմանը`  սիրոյ, յարգանքի եւ փոխվստահութեան ոգով»:

 

Նախքան Միջեկեղեցական արարողութիւնը, Սբ․ Պետրոս Տաճարին մէջ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին՝ Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու միաբանութեան կառավարիչը, Սուրբ Պատարագ մատոյց ի յիշատակ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին։ Համապատարագեցին Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեան, առաջնորդ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի եւ Քրիստոնէական միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար եպիսկոպոս Բրայըն Ֆարէլ։

Հարկ է յիշել, որ 12 Ապրիլ, 2015 թուականին՝ Հռոմի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ՝  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին  Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց «Վարդապետ Եկեղեցւոյ»:

Երեք տարի ետք՝ 5 Ապրիլ, 2018 թուականին Հռոմի Քահանայապետը՝ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսներուն հետ, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ օրհնեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը։

Իսկ վերջերս, 2 Փետրուարին, Ս. Աթոռի Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովը յայտարարեց Ֆրանչիսկոս Պապի հրամանը՝ արձանագրել Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Լատինական Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ, Հայոց Սուրբին յիշատակելով ամէն տարի 27 Փետրուարին։