ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հրաժեշտի Սուրբ Պատարագ Միլանի Սբ․ Քառասուն Մանկանց հայ եկեղեցւոյ մէջ

Սեպտեմբեր 25-ին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան Միլան ժամանեց՝ հանդիսապետելու հոգեշնոր Տ. Տիրայր վրդ. Յակոբեանի, իբրեւ Իտալիոյ հոգեւոր հովիւի, հրաժեշտի պատարագը։

Վարագայ Սբ. Խաչի տօնի առիթով Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Խաչի խորհուրդի մէջ մենք կը տեսնենք զոհողութիւն, յաղթանակ, յաւերժութիւն,—շարունակելով — Հայաստանի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին անգամ մը եւս յիշենք խաչի խորհուրդը եւ ապաւինինք խաչի զօրութեան»։

Սրբազան Հայրը խօսելով հոգեւոր ծառայութեան եւ առաքելութեան մասին՝ աւետարանական ուղերձով հաւատացեալներուն համար ձեւակերպեց հովիւի կերպարն ու ընելիքը. «Եթէ մէկը կ՛ուզէ իմ ետեւէն գալ, թող վերցնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի։ Այսինքն՝ զոհէ իր անձը՝ ուրիշները սիրելով»։

Սրբազանը բարձր գնահատեց Տ. Տիրայր վրդ. Յակոբեանի ծառայութիւնը Իտալիոյ հայկական համայնքին մէջ, միաժամանակ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի միաբան, նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Ներսէս աբղ. Յարութիւնեանը։
Յանուն Միլանի ծխական համայնքի եւ եկեղեցւոյ վարչութեան՝ ծխական խորհուրդի ատենապետ պր. Սարօ Խուտավերտեան իր գնահատանքը արտայայտեց Հայր Տիրայրի գործունէութեան եւ բարի գալուստ ու բարի ծառայութիւն մաղթեց փոխարինող հոգեւորականին։