ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հովուական այց Սպանիա

Յունուար 22-23-ին հովուական այցով Սպանիա գտնուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք․ Պարսամեանը:

Պարսելոնա քաղաքին մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ տեղի եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ՝ մասնակցութեամբ Հոգշ․ Տ․ Շնորհք  Աբղ․ Սարգսեանի։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Պարսելոնայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերակազմակերպման հարցեր:

Նոյն օրը երեկոյեան Սրբազան Հայրը Տ․ Շնորհք Աբղ․ Սարգսեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Մատրիտ: Յաջորդ օրը Մատրիտի մէջ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք․ Պարսամեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ, ուր ներկայ էին Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան` տիար Սոս Աւետիսեանը իր տիկնոջ հետ, ինչպէս նաեւ դեսպանատան ողջ անձնակազմը: Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն ի յիշատակ Արցախեան վերջին պատերազմի մէջ զոհուած մեր հերոս մարտիկներու:

Իր այցի ընթացքին, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ նաեւ միջեկեղեցական արարողութեան սպանական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ՝ «Քրիստոնեաներու միասնութեան շաբաթ»-ի առիթով: Այնուհետեւ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցական-համայնքային ժողով, որուն կը մասնակցէին Սպանիոյ տարբեր վայրերէն ժամանած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքներու աջակից ներկայացուցիչներ:

Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանի, Տ․ Շնորհք Սարգսեանի եւ փաստաբան Լեւոն Գրիգորեանի կողմէ կազմուած ծրագիրի նախագիծ՝ Սպանիոյ Հայաստանեայց Եկեղեցին լաւագոյն կերպով վերակազմաւորելու եւ օրինական ու կանոնական դիրքերու վրայ արձանագրելու համար։ Վերջնական նպատակն է ապագային հիմնել Սպանիոյ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ թեմ։ Ժողովի մասնակիցներուն առիթ ընծայուեցաւ միտքեր փոխանակելու ներկայացուած ծրագիրի շուրջ։ Այնուհետ, հիւրասիրութեան ընթացքին եւս զրոյցը շարունակուեցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ։