Ուրբաթ, 21 Փետրուարին, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, ընկերակցությամբ Պելճիքայի մէջ ծառայող Հայ եկեղեցւոյ 3 հոգեւորականների՝ Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան, Տիրայր Վրդ. Յակոբեան եւ Մաղաքիա Աբղ. Բեսքիսիզեան, այցելեց Հույն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պելճիքայի, Նիտերլանտներու եւ Լիւքսեմպուրկի Մետրոպօլիտ Աթէնակորասին։ Մետրոպօլիտ Աթէնակորաս նաեւ Պելճիքայի պետութեան մօտ բոլոր Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պաշտօնական ներկայացուցիչն է։ Հանդիպման ընթացքին Խաժակ Սրբազան տեղեկութիւններ տուաւ Պելճիքայի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայ գործունեութեան մասին։
Սրբազանը Մետրոպոլիտին ներկայացուց ներկայիս հինգ Հայ Եկեղեցւոյ համայնքներուն ծառայող երեք Հայ հոգեւորականները։
Մետրոպօլիտ Աթենակորաս շնորհակալութիւն յայտնեց խաժակ Սրբազանին իր այցելութեան եւ Պելճիքայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան մասին տուած իր տեղեկութիւններու համար յայտնելով, որ ինք պատրաստ է օգտակար եւ զօրակից ըլլալու որպէսզի Հայ Եկեղեցին առաւել եւս կազմակերպուի եւ պաշտօնապէս ճանաչուի Պելճիքայի պետութեան մօտ։
Մետրոպօլիտը նաեւ ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ երեք Հոգեւորականներ Խաժակ Սրբազանի առաջնորդութեամբ կիրագործեն կարեւոր առաքելութիւն։