Դեկտեմբեր 9-ին Պելճիքայի Կերարտպերկեն քաղաքին մէջ նոր հիմնադրուած հայ եկեղեցական համայնքէն ներս, տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը:
Կերարծպերկեն քաղաքին մէջ արդէն երկու ամիսէ ի վեր հիմնադրուած է հայ եկեղեցական համայնք, եւ համայնքի ու կից քաղաքներուն մէջ բնակող հայերուն համար արդէն կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց:
Կիրակնօրեայ դպրոցի բացման արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ, որ նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Անտվերպէնի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տիրայր վարդապետ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ: Արարողութեան ներկայ էին քաղաքի կաթոլիկ համայնքի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Էմանուէլ Վիթսը, Ծխական խորհուրդի անդամներ, համայնքի ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ համայնքի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբեղայ Պեսքիսիզեան նշելով, որ. «Տեղին է ըսել, որ Պելճիգայի հայ համայնքը պատմական ուրախ եւ անմոռանալի օր կ՛ապրի, որովհետեւ մեր Կերարծպերկենի եկեղեցական համայնքը հիմնուելէ երկու ամիս անց մեր զաւակներու հայապահպանման եւ հայակերտման համար կ’ունենանք «Կոմիտաս» կիրակնօրեայ հայ դպրոցը: Անմերժելի իրականութիւն է, որ դարեր շարունակ եւ, մասնաւորապէս, այսօր աշխարհի մէջ կը տիրէ գոյապայաքար ազգերու շարունակականութեան համար: Հայ ազգը իր անցեալի փորձով, իմաստուն անհատներով, ուժեղ ոգիով, եկեղեցականներով, կամքով եւ հաւատքով կրցած է հասնիլ մինչեւ այսօր: Իսկ այս պայքարին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ հայ դպրոցը, որ հայապահպանման եւ հայակերտման ամուր դարբնոց է: Վստա՛ք եղէք, եթէ հայ ազգը իր պատմութիւնը, մշակոյթը, կրօնը, արժէքները, գիտելիքները եւ այս ոգին չփոխանցէ ապագայ սերունդներուն ապա մենք պարտուած ենք: Կը շնորհաւորեմ Կերարծպերկենի եւ շրջակայ քաղաքներէն ժամանած հայ ծնողները, որ այսօր Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ կիրակնօրեայ դպրոցի հիմքը դրուեցաւ»:
Այնուհետեւ գեղեցիկ կատարումներով հանդէս եկան կիրակնօրեայ դպրոցի սաները; Հնչեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ եւ երգեր:
Արարողութեան աւարտին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Ձեր շնորհիւ՝ սիրելի երեխաներ, երիտասարդներ, ծնողներ, հոգեւորականներ, մենք նոր ճանապարհ մը սկսած ենք: Այս ճանապարհը յաղթանակի ճանապարհ է ե՛ւ հոգեւոր, ե՛ւ ազգային առումով: Մեր պատմութեան ընթացքին աւանդութիւնը եղած է այն, որ մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, եկեղեցին եւ դպրոցը մէկ վայրի մէջ գտնուած են, եւ հայ մանուկը ստացած է հոգեւոր, մշակութային, ազգային դաստիարակութիւն: Այնքան ժամանակ քանի դեռ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի մէջ լսելի են մեր երեխաներուն եւ երիտասարդներուն ձայները, մենք կանք եւ պիտի շարունակենք ապրիլ: Այսօր ինչ կը կատարուի այստեղ ինծի համար հրաշք է, եւ ես իմ գնահատանքս կը յայտնեմ ձեզի` բոլորիդ։ Հայր Մաղաքիայի գլխաւորութեամբ, ձեր բոլորի աշխատանքներուն շնորհիւ դուք ճիշդ ճանապարհի վրայ էք։ Եւ մանաւանդ, այս վերջին ժամանակաշրջանին, երբ մեր ազգը դժուար օրեր կ՛ապրի, ուրախ ենք, փառք կու տանք Աստուծոյ, որ այսպիսի լուսաւոր պահեր եւս կան»:
Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն նուիրեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն բերուած խաչեր, որպէսզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ բոլոր Հայրերու օրհնութիւնը միշտ երեխաներուն հետ ըլլայ:
Արարողութեան աւարտէն ետք Խաժակ Սրբազանի գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի նորաբաց կիրակնօրեայ դպրոցի մասնաշէնք: Նշենք, որ բացման պատիւը` կարմիր ժապաւէնի կտրումը, տրուեցաւ Սրբազան Հօր: Այնուհետեւ, Հայր Մաղաքիան եւ դպրոցի ուսուցչուհի Անի Կարապետեանը Խաժակ Սրբազանին եւ Հայր Տիրայրին կիրակնօրեայ դպրոցի ծրագիրը ներկայացուցին:
Հայր Մաղաքիան նաեւ նշեց, որ յառաջիկային կան նոր ծրագիրներ՝ երգչախումբ ու տիկնանց միութիւն հիմնելու:
Օրուան աւարտին, Ծխական խորհուդի անդամները եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներու ծնողները կազմակերպած էին հիւրասիրութիւն մը: