ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Եկեղեցւոյ խորհուրդները այն սրբազան արարողութիւններն են, որոնց կատարման ընթացքին որոշակի արտաքին նշանի, գործողութեան եւ բանաձեւի միջոցով անտեսանելի կերպով կը բաշխուին Սուրբ Հոգիի շնորհքները՝ մարդը միաւորելով Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ հետ։ Աւանդաբար այդ խորհուրդները թիւով 7-ն են՝ մկրտութիւն, դրոշմ, ապաշխարութիւն, հաղորդութիւն, պսակ, ձեռնադրութիւն եւ կարգ հիւանդաց, որոնք կ՛ընդգրեն քրիստոնէական կեանքի առանցքանին կողմերը:

Այսպէս՝ մկրտութիւնը հոգեւոր սնունդ կու տայ եւ մասնակցութիւն Քրիստոսի մահուան ու յարութեան։

Դրոշմը մեզի կը փոխանցէ Սուրբ Հոգիի շնորհքները եւ կը զօրացնէ մեզ քրիստոնէական մեր կոչումին մէջ։

Ապաշխարութիւնը կ՛օգնէ ազատիլ այն մեղքերէն, զորս մարդը կը գործէ մկրտութենէն ետք:

Սուրբ հաղորդութիւնը խորհրդաւոր ընթրիք է, որ մեզ հաղորդակից կը դարձնէ Քրիստոսի մարմինին եւ արեան:

Սուրբ պսակի խորհուրդը այր եւ կին կը դարձնէ մէկ մարմին:

Ձեռնադրութեամբ մարդիկ կը կոչուին հոգեւոր ծառայութեան, ի նպաստ եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կազմակերպումին:

Հիւանդներու կարգը հոգիի եւ մարմինի բժշկութեան կ՛առաջնորդէ:

Եկեղեցւոյ բոլոր խորհուրդներն ալ կ՛իրականացուին միայն ձեռնադրեալ հոգեւորականներու կողմէ՝ այն ծիսակարգով, որ զետեղուած է Մաշտոցներու՝ Հայոց եկեղեցւոյ ծիսարաններու մէջ:

Եկեղեցին կը հաւատայ, որ այս խորհուրդներու միջոցով Քրիստոս խորհրդաւոր կերպով ներկայ է եւ կը գործէ յանձին քահանայի: