ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Եպիսկոպոսներու Սինոդի 16-րդ Ընդհանուր Վեհաժողովը Վատիկանի ՄԷջ

Վատիկանի մէջ 4-29 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր վեհաժողովը:

Այս տարի առաջին անգամ վեհաժողովին կը մասնակցին ոչ միայն եպիսկոպոսներ, այլ նաեւ քահանաներ, աշխարհականներ, որոնք ուղղակիօրէն նշանակուած են Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ:

Եպիսկոպոսներու սինոդին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ կը մասնակցի Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան:

Վեհաժողովը պիտի ամփոփէ սիւնհոդոսականութեան տարածաշրջանային փուլերը, որ իր աշխատանքները սկսած էր 2021-ին եւ կը շարունակէ նաեւ 2024-ին:

Յիշեցնենք, որ Եպիսկոպոսներու սինոդի հիմքը դրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` 2018-ին, հաստատուած «Episcopalis Communio» առաքելական սահմանադրութեամբ: