Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, 15 Հոկտեմբեր 2023, կիրակի երեկոյեան hովուապետական անդրանիկ այցելութեան նպատակաւ Պրիւքսէլէն ժամանեց Կերարտսպերկեն եւ նախագահեց քաղաքի մէջ տեղի ունեցած անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Սրբազան Հօր սոյն ճամբորդութեան ընթացքին կընկերանային Հոգշ․ Զատիկ վրդ․ Աւետիքեան, Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա աբղ․ Պէսքիսիզեան եւ տեղւոյն բնակիչներէն Քոչար Կարապետեան։
Սրբազան Հայրը եւ ընկերակիցները Կերարտսպերկեն քաղաքի մէջ դիմաւորուեցան Վիգէն Յովսէփեանի կողմէ եւ նախքան եկեղեցի ուղեւորուիլը այց կատարուեցաւ երկու տարի առաջ քաղաքի մէջ տեղադրուած Ս․Խաչքարին։
Սրբազան Հօր եկեղեցւոյ դռան առջեւ ողջունեցին աւանդական աղ ու հացով։ Եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջին ներքեւ Սրբազան հայրը Հրաշափառով մուտք գործեց եկեղեցի եւ «Պահպանիչ» աղօթքէն վերջ «Հայր Մեր» աղօթքով սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։
Օրուան Պատարագիչն էր Լիեժի Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա աբղ․ Պէսքիսիզեանը։ Սրբազան Հայրը՝ մշակոյթի շաբթուան, Սուրբ թարգմանիչ վարդապետների տօնի եւ նոր համայնքի հիմնադրման ուրախ առիթով իր պատգամը փոխանցեց եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած բազում հաւատացեալներուն։
Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Պելճիքայի մէջ Դեսպան՝ Տիար Տիգրան Պալաեանի օգնական՝ Տիար Գէորգ Ղազարեանը, Կերարտսպերկեն քաղաքի քաղաքապետի օգնական՝ Տիար Ֆերնանդ Վան Թրիմպօնտ եւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներէն՝ Տիար Ռուտի Ֆրետերիքը։
Սրբազան Հայրը իր պատգամէն վերջ յայտնեց թէ՝ Կերարտսպերկեն քաղաքի եւ շրջակայ քաղաքներուն հայ հաւատացեալներու Հոգեւոր Հովիւ կը նշանակէ Լիէժի Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Մաղաքիա աբղ․ Պէսքիսիզեանին՝ կարգադրութեամբ, որպէսզի ամիսը երկու անգամ այցելէ համայնքը հովուական եւ եկեղեցական-կազմակերպչական գործունէութիւն իրականացնելու նպատակաւ։
Յետ Սուրբ Պատարագի Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Կերարտսպերկենի Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի Հոգեւոր Հովիւը եւ նոր ծխական խորհուրդի անդամները՝ ատենապետութեամբ Տիար Վիգէն Յովսէփեանի։
Յետ արարողութեանց Սրբազան Հայրը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան՝ ի պատիւ իր անդրանիկ այցելութեան եւ նոր համայնքի հիմնադրման ուրախ առիթով պատրաստուած հիւրասիրութեան։