ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Գերշ․ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդունուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետքարտուղարի կողմէ

Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան զրոյցի ընթացքին Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինին փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրական սիրալիր ողջոյնները։ Նոյն անկեղծութեամբ փոխադարձելով՝ Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին տեղեկութիւններ քաղեց յետպատերազմական իրավիճակի պայմաններով Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ։ Անոնք շօշափեցին նաւ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ ի պահ դրուած միւս անձերու անյապաղ հայրենադարձման խնդիրները։ Կարտինալը բաժնեց իր նկատառման յանձնուած մօտեցումները։

Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հետամուտ է Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, սրբավայրերու եւ յուշարձաններու պահպանման հարցին։ Ան այս առումով կարեւորեց եկեղեցիներու, միջեկեղեցական կառոյցներու, միջկրօնական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ բերուելիք նպաստը։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ սա ապագայ ցանկալի համակեցութեան մը տեսակէտէ անհրաժեշտ նախապայման է։

Զրոյցի տեւողութեան Բարձր. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան եւ Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին անդրադարձան Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցչութեան եւ Սուրբ Աթոռի զանազան բաժանմունքներուն միջեւ ծաւալուած համագործակցութեան, որու հիման վրայ վերջին շրջանին արդէն դրական նախընթացներու համար հիմքեր կը ձեւաւորուին։ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարտինալ Փարոլին ողջունեց այս բոլոր զարգացումները ու մաղթեց, որ համագործակցութիւնը հետզհետէ խորանայ՝ նպաստելով երկու քոյր եկեղեցիներու վաղեմի եղբայրութեան ամրապնդման եւ համաքրիստոնէական զօրակցութեան խրախուսման։

Զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ ամիս Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի տնօրինութեամբ եւ Վատիկանի համապատասխան մարմիններու որոշումով՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ ընդգրկուելուն։ Բարձր. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան մեծապէս կարեւորեց որդեգրուած թուականին Վատիկանի մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի առաջին յիշատակութեան կատարուած ըլլալը՝ անոր արձանին շուրջ կազմակերպուած միջեկեղեցական հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնով, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով հանդերձ։ Նորին սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մտադրութիւն ունի ապագային Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ նման յիշատակութեան մը սկիզբը դնելու։ Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին մեծապէս կարեւորեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի պանծացումը՝ ընդգծելով իր թողած հոգեւոր-մշակութային աւանդի համաքրիստոնէական եւ համամարդկային նշանակութիւնը։