Մալթայի մէջ հայերու ներկայութեան մասին առաջին վկայութիւնները կը վերագրուին 14-րդ դարուն, երբ Կիլիկեան Հայաստանի անկումէն ետք այստեղ կը հանգրուանեն որոշ ասպետներ։
Ներկայիս Մալթայի մէջ հայերու պատմական վկայութիւններէն է Տիրամօր Լիէսի եկեղեցին /Church of Our Lady of Liesse /, որ կառուցուած է 1620թ. Լուսինեաններու արքայատոհմի հետեւորդներէն մէկուն՝ ասպետ Ժան տէ Բելէյ Պալլի տէ Արմենիայի յատկացուած միջոցներով։
Ներկայիս Մալթայի հայ համայնքը փոքրաթիւ է` շուրջ 500 հոգի, որոնք աշխոյժօրէն ներգրաւուած են երկրի կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ: Անոնք հիմնականը երիտասարդ ընտանիքներ են, արտագաղթած՝ 1990-ական թուականներուն Հայաստանէն եւ ԱՊՀ երկիրներէն` ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք։
Մալթայի հայերու առաջին համաժողովը գումարուած է 2009թ., երբ համայնքը պաշտօնապէս գրանցում ստացած է: Նոյն թուականի Դեկտեմբերի 22-ին Վալլետայի մէջ տեղադրուած է հայկական խաչքար` «ի նշան երախտագիտութեան Մալթային` 1375 եւ 1915թթ. հայ ժողովուրդի ողբերգական օրերուն կղզիի մէջ հանգրուանած հայերուն օգնելու համար»։