Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ հայ համայնքի ներկայութիւնը, արդի պատմական փուլին, կը սկսի 1990-ական թուականներէն, երբ արդէն Խորհրդային Միութիւնը դադրած էր գոյութիւն ունենալէ ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռք բերած էր անկախութիւն, որով երկրի սահմանները բացուած էին արտաքին աշխարհին հետ:
Ըստ այդմ, Սպանիոյ մէջ հաստատուած հայերու գերակշիռ մասը, եթէ ոչ ամբողջութիւնը, բաղկացած է Հայաստանէն արտագաղթած մեր հայրենակիցներէն:
Յայտնի է նաեւ, որ դեռեւս 1980-ականներուն Միջին Արեւելքէն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն, սահմանափակ թիւով, ընտանիքներ հաստատուած են Սպանիա։
Հետաքրքրական է, որ Սպանիոյ մէջ հայերու ներկայութեան վերաբերեալ հետքեր գոյութիւն ունեցած են դեռևս 16-րդ դարէն: Յատկապէս հայ վաճառական քանի մը ընտանիքներ հաստատուած էին Սպանիոյ հարաւը գտնուող Կատիս քաղաքի մէջ, որ սահմանակից է Ճիպլարթարի նեղուցին, ուրկէ հայ առեւտրականներու նաւերը կ՛անցնէին հասնելով մինչեւ Հնդկաստան:
Այդ ժամանակահատուածէն մինչեւ մեր օրերը պահպանուած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ յարակից մատուռ մը, ուր կը տեսնենք հայկական արձանագրութիւններ եւ պատերուն ամրացուած հայկական տառերով յախճապակեայ սալիկներ:
Ներկայիս հայ համայնքը ամբողջութեամբ բաղկացած է Հայաստանէն արտագաղթած մեր հայրենակիցներով, որոնք մեծաւ մասամբ աշխատաւորական խաւին կը պատկանին: Հայերու թիւը ողջ Սպանիոյ մէջ չի գերազանցեր 15 հազարը:
Հայերը առաւելապէս հաստաուած են Սպանիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ՝ Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենսիա, Ալիկանտե, Մալագա եւ Առնետո:
Դեռեւս գոյութիւն չունին հայկական աւանդական համայնքներուն յատուկ զանազան կառոյցներ եւ այդ կառոյցները համակարգող գլխաւոր մարմին:
Սպանիոյ մէջ, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պաշտօնապէս առաքելութիւն կ՛իրականացնէ 2009 թուականէն՝ մաս կազմելով Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան: Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի կողմէ նշանակուած առաջին պաշտօնական ներկայացուցիչը եղած է Հոգեշնորհ Տէր Սասուն Ծայրագոյն Վարդապետ Զմրուխտեանը, որ պաշտօնավարած է մինչեւ 2016 թուական:
Այնուհետեւ 2017-2018 թթ․ անոր փոխարինած է Տէր Սիփան Վարդապետ Գէորգեանը:
2018 թուականէն ցայսօր /2020թ․/ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը ներկայացնէ Տէր Շնորհք աբեղայ Սարգսեանը: