ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հայերը Նիտերլանտներու մէջ

Սբ․ Սերվադէոսի մասնատուփը Մաստրիխտի համանուն կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Հայ-հոլանտական յարաբերութիւններու արմատները կը հասնին մինչեւ 4-րդ դար, երբ Նիտերլանտներ կը ժամանէ ծագումով հայ հոգեւորական Սերվադէոսը (Սրբադէոս-Սերովբէ)։ Ան Երուսաղէմէն Տոնգերէն քաղաքը (քաղաք՝ ներկայիս Պելճիքայի մէջ) հասնելով կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս (381-382 թթ.) եւ քրիստոնէութիւն կը քարոզէ: Հոներու յարձակումներէն խուսափելով` Սբ․ Սերվադէոս եպիսկոպոսական աթոռը Տոնգերէնէն կը տեղափոխէ Մաստրիխդ, ուր կը մահանայ 384 թ․։ Անոր մասունքները զետեղուած են իր անունը կրող Մաստրիխդի գլխաւոր կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։

Հոլանտացիներու եւ հայերու կապերը նոր զարգացում կ՛ապրին խաչակրած արշաւանքներու ժամանակ, իսկ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք՝ կ՛աճի հայերու հոսքը նաեւ դէպի Նիտերլանտներ։ Ամսթերտամի հայ վաճառականներու մասին տեղեկութիւններ արձանագրուած են դեռեւս 1560-1565 թթ․։ 17-րդ դարու առաջին կիսուն, Շահ Ապպասի բռնագաղթերէն ետք, այստեղ կը գաղթեն փոքր թիւով ջուղայեցիներ (հիմնականը՝ թանկարժէք քարերու եւ մետաքսի վաճառականներ)։

1660 թ․ Ամսթերտամի մէջ Մատթէոս վարդապետ Ծարեցիի ջանքերով կը հիմնուի հայկական տպարան, զոր 1664 թ․ կը ղեկավարէ Ոսկան վարդապետ Երեւանցին: 1666 թ․ այստեղ կ՛իրականացուի Աստուածաշունչի հայերէն առաջին տպագրութիւնը: 1685 թ․ Ոսկան Երեւանցիի աշակերտներէն  Մատթէոս վարդապետ Վանանդեցին Ամսթերտամի մէջ կը հիմնէ հայկական 2-րդ տպարանը, որ կը գործէ 32 տարի: 1695 թ․ այս տպարանին մէջ առաջին անգամ տպագրուած է Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւնը»:

1714 թ․ 40 հայ վաճառականներու ջանքերով Ամսթերտամի կեդրոնը կը կառուցուի «Սուրբ Հոգի» Հայ Առաքելական եկեղեցին: Ան կառուցուած է ոչ աւանդական ճարտարապետութեամբ: Եկեղեցին կը գտնուի եռայարկ շէնքի առաջին յարկը: Մինչ այդ հայերը իրենց հոգեւոր արարողութիւնները կը կատարէին «Սուրբ Հոգի» եկեղեցիէն ոչ հեռու գտնուող «Սուրբ Կարապետ» մատուռի մէջ, ուր պատարագներ մատուցած է նաեւ Ոսկան Վարդապետ Երեւանցին։ «Սուրբ Կարապետ» մատուռը չէ պահպանուած:  Ան երկու անգամ օծուած է որպէս եկեղեցի։ «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ պատմութիւնը առանձնայատուկ է։ 18-րդ դարու վերջը, սակայն, Ամսթերտամ բնակող հայերու թիւը կը սկսի նուազիլ։ Եկեղեցւոյ վերջին արարողութիւնը կատարուած է 1806 թուականին։ 1874 թուականէն կառոյցը ծառայած է իբրեւ կաթոլիկ դպրոց։

Համայնքը վերստին կ՛աշխուժանայ նոր ժամանակներուն, երբ 1950–80-ական թուականներուն այդտեղ կը հաստատուին Թուրքիայէն, Իրանէն, Ինտոնեզիայէն, Յունաստանէն տեղափոխուած հայեր: Հայկական երկրորդ՝ նոր ձեւաւորուած համայնքը կազմակերպած եւ 1986 թ․ վերագնած է «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ շէնքը, ուր հարկաւոր վերանորոգումէն ետք՝ 1989 թ․ Նոյեմբերի 29-ին վերաօծուած է որպէս հայ առաքելական եկեղեցի։

1991 թ․ Ալմելոյի հայ համայնքը կը գնէ նախկին դպրոցէն շէնք մը, որ 1993 թ․ նոյնպէս օծուած է որպէս Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ առաքելական եկեղեցի։

Ներկայիս Նիտերլանտներու Թագաւորութեան մէջ կը բնակի շուրջ 25 հազար հայ, որոնք մեծ մասամբ կեդրոնացած են Ամսթերտամի, Ալմելոյի եւ Ամերսֆորտի մէջ։ Աւելի քիչ թիւով ընտանիքներ կը բնակին երկրի այլ քաղաքներու մէջ՝ Հաագայի, Տորտրեխտի, Լէյտընի, Ռոտերդամի, Մաստրիխդի, Ասսենի մէջ եւ այլուր։ Եկեղեցական համայնքներ կան Հիրհուխովարտ, Տորտրեխտ, Էյնտհոֆէն, Ասսեն, Արնեհեմ, Հերթոկենպոշ քաղաքներուն մէջ։ 2013 թուականէն Մաստրիխտի մէջ կը գործէ «Սուրբ Կարապետ» Հայ Առաքելական եկեղեցին:

Ամսթերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ կից կը գործեն են նաեւ «AJO» երիտասարդական միութիւնը, տիկնանց միութիւնը, «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կիրակնօրեայ դպրոցը։

2017 թուականէն ցայսօր կը հրատարակուի երիտասարդներու կողմէ կազամակերպուած «ԽՈՐՀՈՒՐԴ» կրօնական ամսաթերթը՝ հոլանտերէն լեզուով:

Ալմելո քաղաքի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ունի երիտասարդական միութիւն, տիկնանց միութիւն, «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասեր, ինչպէս նաեւ  «Զարթօնք» պարային համոյթ: