ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հայերը Պելճիքայի մէջ

Պելճիքայի մէջ հայերու ներկայութեան մասին վկայութիւններ կան տակաւին Քրիստոնէութեան վաղ ժամանակաշրջանէն։ Արդէն 4-րդ դարէն այնտեղ մուտք գործած են բազմաթիւ հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ առեւտրականներ։

Ատոնցմէ մէկն էր հայազգի հոգեւորական Սբ․ Սերվադէոս (Սրբադէոս-Սերովբէն): Ան Երուսաղէմէն Տոնգերէն քաղաքը (քաղաք՝ ներկայիս Պելճիքայի մէջ) հասնելով կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս (381-382թթ.) եւ քրիստոնէութիւն կը քարոզէ: Հոներու յարձակումներէն խուսափելով` Սբ․ Սերվադէոս եպիսկոպոսական աթոռը Տոնգերէնէն կը տեղափոխէ Մաստրիխտ, ուր կը մահանայ 384 թ․։ Անոր մասունքները զետեղուած են իր անունը կրող Մաստրիխի գլխաւոր կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ։

1011 թ․ հայորդի՝ Անտիոքի հրաշագործ Մակար եպիսկոպոսը շրջելով Եւրոպայով իբրեւ քարոզիչ կը հասնի Պելճիքայի Գենտ քաղաքը։ Մէկ տարի կը մնայ տեղի Սբ․ Բաւոն աբբայութեան մէջ՝ խնամելով ժանտախտով հիւանդներուն, ապա ինքն ալ վարակուելով կը մահանայ 1012 թ.: Մահէն ետք այնքան շատ հրաշքներ կատարուած են անոր գերեզմանին վրայ, որ աճիւնը 1067 թ. փոխադրուած է առանձին մատուռ, իսկ ինք դասուած է կաթոլիկէ եկեղեցւոյ սուրբերու կարգը։

Առաջին հայ առեւտրականները Պելճիքա մուտք կը գործեն 1340 թ․, իսկ 1345 թ․-էն իրաւունք կը  ստանան գորգավաճառութեամբ զբաղելու Բրիւժ քաղաքի Մայր Տաճարի մօտակայքը։ Աւելի ուշ եւ մինչեւ 15-րդ դար, անոնք կ’ընձեռեն հազուագիւտ ապրանքներու ներմուծումը, այդ թուին․ բամբակ, զանազան համեմունքներ, արեւելեան օծանելիքներ։

Յետագայ դարերուն հայերու Պելճիքա այցելութիւններու մասին կան սակաւ տեղեկութիւններ։ Յայտնի է, որ 1708 թ. վախճանած եւ Անտվերպէնի Սբ. Աստուածածին Մայր Տաճարի մէջ թաղուած է Վանանդեցի  Թովմաս արքեպիսկոպոս Նուրիջանեանը։

Դանիէլ Վարուժանի պրոնզեայ յուշատախտակը Կենտի համալսարանի մատենադարանի դահլիճին մէջ

1906-1909 թթ․ արեւմտահայ գրող Դանիէլ Վարուժան ուսանած է Կանտի (Գենտ) Համալսարանի Փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան ֆակուլտետի մէջ։

Պելճիքայի մէջ հայերու ներկայութեան զգալի աճ  կ՛արձանագրուի 20-րդ դարու սկիզբը, յատկապէս՝ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Թուրքիայէն բռնի զանգուածային արտագաղթի հետեւանքով: Այնտեղ ժամանած հայերը զբաղած են յատկապէս ծխախոտի, գորգի եւ թանկարժէք քարերու առեւտրով։ Ծխախախոտի ոլորտի մէջ հայկական ապրանքանիշերը՝ ինչպիսիք են Տաւրոսը, Արաքսը, Մարուֆը եւ Էնֆին, գրեթէ միակն  էին, որ կ՛արտադրուէին Պելճիքայի մէջ:

Վերջին 40 տարիներու ընթացքին, ինչպէս Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական դէպքերու, այնպէս ալ Հայասատանի երկրաշարժէն ու Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, ստեղծուած ճգնաժամի պատճառով, տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայեր կը բռնեն գաղթի ճանապարհը՝ հաստատուելով նաեւ Պելճիքայի  Թագաւորութիւն:

Այսօր հայ համայնքներ կան զանազան քաղաքներու մէջ․ Պրիւքսէլ, Անտվերպէն, Լիեժ, Շարլեռուա, Կորտրիկ, Կենք, Մեխելէն, Նամուռ, Օստանդ, Կանտ (Գենտ) եւ այլուր։

Պրիւքսէլ Սբ․ Մարիամ Մագդաղենացի Հայ Առաքելական Եկեղեցին օծուած է 1990 թ․ Մայիսի 6-ին՝ օրհնաբեր ներկայութեամբ Երջանկայիշատակ Տ․Տ․ Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց եւ Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու եւ ձեռամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ Հայրապետական Պատուիրակ Տ․ Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեանի։

Ներկայիս Պելճիքայի մէջ կ՛ապրի շուրջ 30․000 հայ։