ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հայերը Փորթուկալի մէջ

Ըստ պատմագրական տուեալներու՝ դեռեւս 15-16-րդ դարերուն հայերու փոքր խմբեր այցելած են Փորթուկալ եւ հաստատուած են Փորթո քաղաքի մէջ: Որոշ ժամանակ անց քաղաքի Սուրբ Պետրո եկեղեցիին յարակից փողոցը կոչուած է «Հայկական փողոց», այլ մանրամասնութիւններ յայտնի չեն:

Հայերու երկրորդ փոքրաթիւ հոսքը Փոթուկալ եղած է 1920-ական թուականներուն, սակայն պատմական որեւէ աղբիւրի մէջ նշուած չէ անոնց քանակը։

Երրորդ հոսքը Փորթուկալ տեղի կ՛ունենայ վերջին 30 տարիներուն: Ներկայիս Փոթուկալի մէջ կ՛ապրին շուրջ 150 հայեր, հիմնական մասը՝ Լիսպոն քաղաքը: Մի քանի հայ ընտանիքներ կ՛ապրին Փորթո, Պրակա, Կոիմպրա, Լակուշ եւ Գուարտա քաղաքներու մէջ:

Հայազգի գործարար եւ բարերար Գալուստ Գիւլպէնկեանի կտակի հիման վրայ 1956 թուականին Լիսպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Գիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որու կազմին մէջ գործող Հայկական բաժանմունքը ֆինանսական օժանդակութիւն կը տրամադրէ հայ մտաւորականներուն, հայկական գիտահետազօտական ու հայագիտական կեդրոններուն, հայկական միութիւններուն՝ հայապահպանութեանը ուղղուած տարբեր ծրագրեր իրականացնելու համար:

2016 թուականին Լիսպոնի մէջ ստեղծուած է «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ 2019 թուականին անոր մասնաճիւղը  բացած է նաեւ Փորթոյի մէջ: Միութեան հովանիին տակ կը գործէ «Կոնսոնանսիա» նուագախումբը: Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գիւլպէնկեան» հիմնադրամի ֆինանսական օժանդակութեամբ` Լիսպոնի համալսարանի բանասիրութեան բաժնի մէջ 2018 թուականէն սկսեալ «Հայոց  լեզու եւ մշակոյթ» դասընթացքները կ՛իրականացուին:

Լիսպոնի մէջ կը գործէ նաեւ «Դելալեան երրեակ» պրոֆեսիոնալ երաժշտական խումբը, «Փորթուկալ-Հայաստան» առեւտրային պալատը:

Փորթուկալի խորհուրդարանը 2019 թուականի 26 Ապրիլիին ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւ:

Սկզբնաղբիւր․ http://diaspora.gov.am/hy/pages/78/portugal