Մեր եկեղեցին Հին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներէն մէկն է՝ հիմնադրուած առաջին դարուն Յիսուս Քրիստոսի երկու առաքեալներու` Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթուղիմէոսի կողմէ:
Ան կը դաւանի առաջին երեք տիեզերական ժողովներու վարդապետութիւնը, V դարուն Ասորի եւ Ղպտի Եկեղեցիներու հետ ձեռնպահ մնալով Քաղկեդոնի ժողովի որոշումները ընդունելէ։ 506 թ.-ին Դուինի Ա․ ժողովը որոշակիօրէն կը մերժէ քննարկուող քրիստոսաբանական խնդիրը՝ զայն լուծելով Քրիստոսի մարդեղութեան մասին տիեզերական վարդապետներու ուսմունքին հաւատարիմ դաւանական եզրայանգումներով:
Հայ Եկեղեցին ունի իր դաւանական եւ ծիսական առանձնայատկութիւնները։ Ան սուրբ հաղորդութեան գինիին ջուր չի խառներ, իսկ հացը կը պատրաստէ առանց թթխմորի՝ առ այսօր հաւատարմօրէն պահելով Եկեղեցւոյ նախնական աւանդութիւնը:
Ողջ աշխարհի մէջ Հայ Եկեղեցին Աստուածայայտնութեան տօնը իւրայատուկ ձեւով կը նշէ։ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եւ մկրտութիւնը կը նշուի միեւնոյն օրը՝ Յունուարի 6-ին, չխախտելով Եկեղեցւոյ հնաւանդ սովորութիւնը:Մեր Եկեղեցւոյ ծիսակարգը սերելով առաջին տիեզերական վարդապետներու հաստատած սկզբունքներէն, ճոխացուած է մեր Սուրբ Հայրերու կողմէ՝ վերածուելով իւրօրինակ հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքի: Այդպիսին են նաեւ հայոց տաճարները իրենց առանձնայատուկ ճարտարապետական յօրինուածքով:
Սկզբնաղբյուր․ www.sacredtradition.am