25 Յունուար, 2025 թուականին Պրիւքսէլի Ս. Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պրսամեանի տեղի ունեցաւ Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան Կեդրոնական Յանձնա-խումբի առաջին հանդիպումը։
Հանդիպանան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետի-քեան, Հոգշ. Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան, Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան եւ Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ համայնքներէն նշանակուած երիտասարդներ։
Հանդիպման ընթացքին Խաժակ Սրբազան բացատրեց թէ որքան կարեւոր է երիտասարդներու մասնակցութիւնը Պելճիքայի հայ եկեղեցւոյ համայնքներէն ներս սրբազան առաքելութեան իրականացման մէջ։ Ապա ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միութեան առաքելութեան տեսլականը, որը կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով։
✅Պելճիքայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Միությունը (ACYOB) Քրիստոսակենդրոն կազմակերպութիւն է, որու նպատակն է Պելճիքայի հայ երիտասարդներու մէջ ազգային մշակոյթի և հոգևոր աւանդութիւններու խոր ըմբռնման ստեղծումը և քաղաքացիական ներգրաւածութեան իրական ոգիի սերմանումը։ ACYOB-ի դերն ու առաքելութիւնը Պելճիքայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքներու համար կենսական են, քանի որ այն ուղղուած է երիտասարդները դաստիարակելու և պատրաստելու՝ ապագային համայնքային ու եկեղեցական առաջնորդութեան դերեր ստանձնելու համար։
✅ Այս նպատակը կեանքի կոչելու համար, կազմակերպութիւնը պէտք է իր անդամներուն ծանօթացնէ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցում-ները և հայ ժողովրդի պատմութիւնը։ Ան պէտք է խրախուսէ երիտասարդներուն ստեղծագործ մտածողութիւն և անոնց տրամադրէ գործիքակազմ, որու միջոցով անոնք կարողանան արտայայտել իրենց հաւատքը, կարողութիւնները, հետաքրքրու-թիւնները, մտահոգութիւնները և նուիրուածութիւնը։
✅ Այս գործիքակազմը պէտք է հնարաւորութիւն ընձեռնէ ան-դամներուն՝ կառուցելու ամուր ընկերական ու հոգևոր կապեր։ Կազմակերպութիւնը պէտք է մշակէ ծրագրեր, երիտասարդնե-րուն ներգրաւենլու համար: Անոնց պէտք է մատուցանէ օգտա-կար տեղեկատւութիւններ որպէսզի երիտասարդ սերունդը հպարտ զտայ իր հարուստ ժառանգութեան համար: Այս բոլոր ծրագիրները պէտք է բազմազան ըլլան և ուղղորդէն հայ երիտա-սարդներուն՝ դառնալու իրենց համայնքներու և առհասարակ Հայ եկեղեցական կեանքի ժրաջան մասնակիցներ և առաջնորդ-ներ։