Սեպտեմբերի 15-ին, Հոլանտայի Ալմելո քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը եւ տեղի հայ համայնքը մեծ շուքով նշեցին եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակը: Քաղաքին մէջ առաջին հայ եկեղեցին հիմնադրուած էր 1991 թուականին մանկապարտէզի շէնքին մէջ՝ համայնքի նուիրատուութեամբ գնուած: Յետագային, այդ շէնքի վաճառքէն ստացած գումարով եւ համայնքի կողմէ հանգանակութեամբ հաւաքուածով 2002 թուականին նախաձեռնեցին նոր Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցու կառուցումին։ Ան օծուեցաւ 2003 թ․ աշնան։
Երէկ, Խաչվերացի տօնին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ Ալմելոյի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս․ Պատարագ։ Պատարագիչը Ռումինիոյ թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդական տեղակալ Տէր Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեանն էր, որ որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի նախկին հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ երկար տարիներ եղած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Սուրբ պատարագին, որուն կը մասնակցէր շուրջ 1000 հայ հաւատաւոր, ներկայ էին Նիդերլանտներու ՀՀ դեսպան Վիկտոր Պիագովը, ինչպէս նաեւ ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու հոգեւորականներ։ Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ 20-ամեայ յոբելեանին, որով Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը փոխանցէր հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր ծխականներուն։
Հաւատացեալներուն իր քարոզը փոխանցեց Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի կարգ, իսկ Խաչվերացի տօնին առիթով օրհնուեցաւ Սուրբ Խաչը զարդարող ռեհանը։
Տօնական միջոցառումներու ընթացքին, եկեղեցական արարողութենէն ետք, շուրջ 800 հոգի հաւաքուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, որուն կ՛ուղեկցէր տօնական հանդիսութիւնը։ Միջոցառումը բացուեցաւ ծխական խորհուրդի ատենապետ տիար Օննիկ Գելիճին՝ շնորհաւորանքի խօսքով։
Հանդիսութեան ընթացքին, զոր հմուտ կերպով կը վարէին երկու երիտասարդներ, դէպի բեմ իրարու յաջորդեցին՝ գնահատագիրեր եւ յուշանուէրներ ստանալու հաճելի առիթով այն անձերը, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումն ու աջակցութիւնը կը ցուցաբերէին ծխական համայնքի հիմնադրման եւ յետագային եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ներկայիս ծխական համայնքը գլխաւորող նուիրեալ հայորդիները։ Իսկ տիար Օննիկ Գելիճին արժանացաւ պատուաւոր «Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բիւրեղեայ մրցանակին ։
Խաժակ Արք․ Պարսամեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ 20-ամեայ յոբելեանը հրաշալի հնարաւորութիւն է՝ յիշելու անցեալը, տօնելու ներկան եւ ծրագրելու ապագան։ Անդրադառնալով անցեալին՝ ան բարձր գնահատեց այն մարդիկ, որոնք տեսիլք ունէին եկեղեցի կառուցելու եւ անոնց, որոնք վերջին 20 տարիներու ընթացքին անընդմէջ բաց պահած էին եկեղեցւոյ դուռերը՝ ապահովելով Հայ Եկեղեցու առաքելութեան շարունակականութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն, ծխական խորհուրդի, տիկնանց միութեան անդամներուն, դպրոցի ուսուցիչներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Ապագային մասին խօսելով Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ նշեց, որ տօնական միջոցառումին մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը ունի բարգաւաճ ապագայի ամենակարեւոր երաշխիքը։ Ան քաջալերեց երիտասարդները իրենց լիարժէք մասնակցութիւնը բերելու ծուխի կառավարման՝ նպաստելով ատոր յետագայ զարգացման ու զօրացման։
Իր խօսքի աւարտին, Սրբազանը կրկին ջերմօրէն շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւորականները, նախկին եւ ներկայ եկեղեցական խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներ առաջ մասնակցած էին եկեղեցւոյ կառուցման համար իրականացուող հանգանակութեան արշաւին եւ կամաւորական աշխատանքներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց անձնուիրութիւնը։