Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023 թուականին, Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ Սուրբ Ներսէս Շնորհալւոյ վախճանման 850-ամեակի Ս. Աթոռի (Վատիկան) մէջ ոգեկոչման կազմակերպչական յանձնախումբի անդամները՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (ներկայացուցիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան) հանդիպեցան եւ քննարկեցին յառաջիկայ աշնան Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութիւնները՝ գործակցաբար Ս. Աթոռի Քրիստոնէական Միութեան Խթանման եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժանմունքներուն։
Հետեւեալ հանդիսութիւնները կը ծրագրուին, որոնց մանրամասնութիւնները մօտ ապագային պիտի յայտարարուին․
ա․ Միջեկեղեցական արարողութիւն Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։
բ․ Ս. Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած միջազգային գիտաժողով Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանին մէջ։
գ․ Ս. Ներսէս Շնորհալիի շարականներու հոգեւոր համերգ Սիքստինեան Մատրան մէջ։