ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

«Աւրորա» 2022 մրցանակի շնորհման արարողութիւն

Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ 2022 թ. Հոկտեմբեր 14–16-ը տեղի ունեցան 2022 թուականի «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութիւնն ու ատոր ուղեկցող շարք մը միջոցառումներ։ Միջոցառումին հաւաքուած էին մարդասիրութեան ոլորտի աշխարհի առաջատարները՝ ժամանակակից հերոսներուն արժանին մատուցելու եւ մարդոց օգնութեան ձեռք մեկնողներու յաջորդ սերունդը քաջալերելու:

Հոկտեմբերի 15֊ի երեկոյեան ժամը 19֊ին Ս․ Ղազար կղզիի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ կայացած միջոցառումի ընթացքին տեղի ունեցաւ Աղօթքի արարողութիւն, ուր ներկաներուն իր խօսքով դիմեց Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանը։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Մատթէոսի աւետարանէն Մեր Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն․ «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի. քանի որ իմ այս փոքր եղբայրներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մտ․ 25։40), նշեց որ Քրիստոս իր պատգամով մեզի կը բացայայտէ, որ Ան ներկայ է տառապող մարդոցմէ իւրաքանչիւրի մէջ, եւ ամէն անգամ օգնելով անոնց, փաստօրէն, մենք կը կարեկցինք մեր Տիրոջ:

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը փափաքեցաւ յիշել հայազգի այն արժանի զաւակները՝ Ռուբէն Վարդանեանը, Նուպար Աֆէյեանը եւ երջանկայիշատակ Վարդան Գրիգորեանը, որոնք կեանքի կոչեցին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գաղափարը։ Այն է, արդիւնաւէտ կերպով արձագանգել Հայոց ցեղասպանութեան ցաւալի յիշատակին՝ զայն վերափոխելով կարեկցանքի եւ օգնութեան շարժման դէպի ամենակարիքաւորները՝ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու անունէն եւ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն: «Աւրորա»-ի հիմնական սկզբունքները՝ երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» եւ «աջակցութեան շղթան», իսկապէս կ՛արձագանգեն Յիսուսի հզօր պատգամին։  Նախաձեռնութիւնը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ առաւել խոցելի անձերու՝ երեխաներուն, կիներուն, փախստականներուն, եւ ատով կը վերահաստատէ այն գաղափարը, որ երախտագիտութիւնը կը ստիպէ մեզի, ամէնուրեք, աւելին ընել մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որովհետեւ մենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքի անդամներ ենք:

Սրբազան Հայրը վերյիշեց հայ ազգի պատմութեան ամենամութ ժամանակաշրջանը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ միլիոնաւոր հայեր հալածուեցան, նահատակուեցան եւ ստիպուած լքեցին իրենց հայրենիքը: Բայց միեւնոյն ժամանակ բարեսիրտ անծանօթներու բազմութիւնը, մարդասիրական ոգիով ուղղորդած, օգնութեան ձեռք մեկնեց մեր նախնիներուն՝ դարմանելով անոնց ցաւը եւ փրկելով անոնց կեանքը։ «Այդ Աստուծոյ կամքն էր», ըսաւ ան։ «Եւ անոր շնորհիւ մենք այսօր այստեղ ենք: Ինչպէս Իր Միածին Որդին ցոյց տուաւ մեզի, Աստուած կը ցանկայ, որ մեր կեանքը լեցուի ողորմութեամբ, սիրով եւ կարեկցանքով։

Սրբազան Հայրը համոզմունք յայտնեց, որ բարութեամբ եւ կարեկցանքով առաջնորդուելով մենք կրնանք քալել այն ճանապարհով, որ կը տանի դէպի լաւ ապագայ՝ վերականգնուած յոյսի եւ նոր տեսլականի ապագայ: Այդ՝ այն տեսլականն է, որ «Աւրորա» մրցանակի ստեղծողները ներկայացուցած են ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին՝ գործողութիւններ ձեռնարկել արմատախիլ ընելու վայրագութիւնները եւ մարդկային տառապանքները:

Իր ելոյթի աւարտին ան երախտագիտութիւն յայտնեց այս կարեւոր եւ աստուածահաճոյ ձեռնարկի հիմնադիրներուն եւ աջակիցներուն՝ մաղթելով, որ անոնք շարունակական յաջողութիւն ունենան եւ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ըլլայ անոնց բոլորի հետ։

Եռօրեայ միջոցառումներու եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ աւելի ուշ՝ ժամը 20֊ին եւս Ս․ Ղազար կղզիի մէջ, 2022 թ. «Աւրորա» մրցանակի դաբնեկիր ճանչցուեցաւ Ճամիլա Աֆղանին՝ Աֆղանստանի կանանց եւ աղջիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն ունեցած իր բացառիկ նուաճումներու համար։ Որպէս NECDO՝ կրթութեան եւ կարողութիւններու զարգացման կազմակերպութեան  հիմնադիր՝ 25 տարի ան կը պայքարի Աֆղանստանի կիներու կրթութիւն ստանալու հնարաւորութեան եւ իրենց իրաւունքներու յստակ գիտակցման համար։

Յիշեցնենք, որ ամէն տարի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին դրամական պարգեւ կը շնորհուի, 1.000.000 մլն․ ԱՄՆ տոլար, անոր ընձեռելով բացառիկ հնարաւորութիւն շարունակելու նուիրատուութեան շղթան եւ աջակցելու այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛օգնեն այլոց: 2016 թուականի մեկնարկէն ի վեր, մարդասիրական նախաձեռնութիւնը օգնած է աւելի քան 2,6 միլիոն մարդու ամբողջ աշխարհի մէջ: