ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հանդիսաւոր արարողութիւն Սբ. Ղազար կղզիի Մխիթարեան Մայրավանքի մէջ

Խաժակ Արք. Պարսամեան ընդառաջելով Մխիթարեան Միաբանութեան հրաւէրին մասնակցեցաւ Մխիթար Աբբահօր երանացման եւ սրբադասման դատի Վենետիկի թեմական ատեանի եզրափակման հանդիսութեան որ տեղի ունեցաւ 8 Սեպտեմբերին Սբ. Աստուածածնի ծննդեան տօնին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնարկութեան տարեդարձի առթիւ Վենետիկի Սբ. Ղազար կղզիի Մխիթարեան Մայրավանքի մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Վենետիկի Պատրիարք Փրանչեսքօ Արքեպիսկիպոս Մորալիա։

Առաւօտեան, Սբ. Պատարագէն ետք Միաբանութեան սեղանատան մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Խաժակ Սրբազան փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները։

Հարկ է յիշել, որ երկու տարի ետք՝ 8 սեպտեմբեր 2020-ին, Սբ. Աստուածածնայ Ծննդեան Տօնին օրը ու Մխիթարեան Միաբանութեան 320-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած է Աստուծոյ Ծառայ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր երանացման եւ սրբադասման դատի վերաբացման արարողութիւն, Վենետիկի Սբ․ Մարտինոս «San Martino di Castello» եկեղեցիին մէջ։