ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Վեպինար «Ամբողջական զինաթափման առաջխաղացում համաճարակային ժամանակաշրջանին»

Սոյն թուականի Մարտի 23-ին Վատիկանի Ամբողջական մարդկային զարգացման խթանման բաժինը եւ Համաճարակի հարցերով յանձնաժողովը, Լոնտոնի SOAS համալսարանի «Զէնքի ապասարման եւ անոր տարածման դէմ ռազմավարական հայեցակարգի» հետ համատեղ, հիւրընկալեցին առցանց վեպինարը «Ամբողջական զինաթափման առաջխաղացում համաճարակային ժամանակաշրջանին» խորագիրով։

Կրօնական ներկայացուցիչներն ու տարբեր մասնագէտներ եւ հետազօտողներ անդրադարձան զէնքի արտադրութիւնն ու տարածումը դադրեցնելու միջոցով համաշխարհային հրադադարի ռեժիմը խթանելու ջանքերուն, աջակցելով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի կոչերուն («Բոլորը եղբայրներ են» կոնդակ, FT 180)` համաշխարհային զինադադար հաստատելու համար:

Այդ միջոցառման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան։ Սրբազան Հօր ելոյթը «Երանի խաղաղարարներուն՝ Յիսուսի ուսուցումը քաղաքական սիրոյ վերաբերեալ» խորագիրով կրնաք դիտել հետեւեալ յղումով՝ 2։41 ժամէն սկսեալ։