ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Առցանց խորհրդածութիւններ Հոգշ․ Տ․ Մեսրոպ Վրդ․ Պարսամեանի առաջնորդութեամբ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան հոգեւորականներու Մեծ Պահքի ամենշաբաթեայ առցանց խորհրդածութիւնները՝ նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանի, այս անգամ կայացաւ Մարտի 23-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Հոգշ․ Տ․ Մեսրոպ Վրդ․ Պարսամեանի առաջնորդութեամբ։ Հայր Սուրբը բանախօսեց «յոյս եւ լոյս» թեմայով։

Արդէն աւելի քան մէկ տարի շարունակուող համավարակի վնասներէն մէկը՝ հոգեւոր ընկճուածութիւնը եւ ապա Սեպտեմբերի 27-ին սկսած 44 օրեայ պատերազմի ծանր հետեւանքներու պատճառով մեր հանրութեանը համակած դառն ապրումները, կորուստի ցաւը կը ստիպեն շատերուս կորսցնել լաւատեսութեան յոյսը, լուսաւոր ապագայի սպասումը: Նոյն հոգեւորականները, առաւելաբար այս դժուարին պահերուն կարիքը ունին Սուրբ Հոգիով զօրանալու, Աստուծոյ ներկայութիւնը զօրաւոր կերպով զգալու, որպէսզի կարենայ զայն փոխանցել նաեւ իրենց վստահուած համայնքին։ Բանախօս Հայր Սուրբը անդրադարձաւ արմատական այն պատճառներուն, որոնց հետեւանքով մարդը կրնայ անդառնալի կերպով իյնալ յուսահատութեան մէջ: Ան նշեց, որ հիւանդագին հոգեւոր վիճակներէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է ռազմավարութիւն մշակել։

Հոգեւորականները առիթ ունեցան իրենց փորձառութիւնով կիսուելու եւ անձնական ապրումներէն վկայութիւններ բերելու:

Խորհրդածութիւնը ամփոփուեցաւ Գերաշնորհ Խաժակ Սրբազանի օրհնութեան խօսքով: Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը արտայայտեց Հոգեշնորհ Հայր Մեսրոպի՝ բովանդակալից եւ ուսուցողական զեկոյցին, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներուն իրենց անձնական փորձառութիւնները անկեղծ եւ անմիջական ձեւով մէկը միւսին հետ կիսելու եւ արտայայտելու համար: Երեկոն աւարտեցաւ Հոգեշնորհ Հայր Զատիկ Վրդ․ Աւետիքեանի սրտաբուխ աղօթքով: