ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հովուական այց Պէլճիքա եւ Նիտերլանտներ

Մարտի 25-էն 27-ը, հովուական այցով Պէլճիքա եւ Նիտերլանտներ գտնուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք․ Պարսամեանը:

Ուրբաթ կէսօրին, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Պէլճիքայի Լիեժ քաղաքի Եպիսկոպոս Ժան Փիեռ Տելվիլի հետ, որու ընթացքին ջերմ բարեկամական մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան տեղի հայ համայնքի հոգեւոր կարիքներու ապահովման եւ միջեկեղեցական համագործակցութեան հարցերը։

Ապա Սրբազան հայրը ուղեւորուեցաւ Նիտերլանտներու Ալմելո քաղաքը, որ մօտ 6000 հայ բնակչութեամբ հոլանտահայութեան կարեւոր կեդրոններէն է։ Այստեղ, 1993-էն սկսած է գործել Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ առաքելական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1991 թ․-ին հայ համայնքի միջոցներով գնուած նախկին դպրոցի շէնքի հիման վրայ։

Շաբաթ օր, Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ Սրբազան Հայրը նախագահեց Նիտերլանտներու տարբեր վայրերէն ժամանած Հայ Եկեղեցւոյ ծուխերու ներկայացուցիչներու ժողովը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հոլանտայի մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարող հայ հոգեւոր հովիւներ։ Քննարկուեցան գործող ծուխերու վերակազմաւորման, նոր ծուխերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ մօտ ապագային Նիտերլանտներու մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ որպէս հաստատութիւն, կանոնաւոր արձանագրման եւ առանձին թեմական կառոյցի հիմնադրման վերաբերող հարցեր։ Այդ նպատակով ներկայացուեցաւ ծխական համայնքներու կանոնադրութեան նախագիծ։

Յաջորդ օրը, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ քաղաքի հայ համայնքային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու վարչութիւններու անդամներուն հետ, այցելեց ՀՄԸՄ-ի (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան) նոր կեդրոնը, ուր մասնակցեցաւ եւ իր օրհնութիւնը բերաւ այստեղ կազմակերպուած Միջինքի ճաշի սեղանին։

Կիրակի առաւօտեան՝ Ալմելոյի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք․ Պարսամեան հանդիսապետեց Սբ․ եւ Անմահ պատարագը՝ ձեռամբ քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Մաշտոց Պաղտասարեանի։