29 Յունիսին, Սբ. Պետրոս եւ Սբ. Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ հանդիսաւոր արարողութեան վերջաւորութեան Հռոմի Պապը հորդորեց բոլոր աշխարհի հաւատացեալներուն 1 Յուլիսին աղօթելու Լիբանանի համար։
Հինգշաբթի Լիբանանի բոլոր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առագնորդներ, Վատիկանի մէջ՝ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ կը հանդիպին միասնաբար խորհրդակցելու եւ աղօթելու երկրի խաղաղութեան եւ ապագայի կապակցութեամբ։
Վատիկանի մէջ այս միասնական աղօթքի եւ խորհրդակցութեան օրուան իր մասնակզութիւնը կը բերէ Մեծի Տանն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., որ այսօր՝ 30 Յունիսին ժամանեց Հռոմ։
Օդանավակայանի մէջ Արամ Վեհափառին դիմաւորեցին Սուրբ Առոռի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութդան դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան։