Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան 30 յունիս 2021 թուականին հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի թեմի առաջնորդ Էմմանուէլ Մետրապոլիտին հետ։ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած ջերմ ու սիրալիր զրոյցի ժամանակ երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները անդրադարձան համաքրիստոնէական օրակարգի զանազան նիւթերուն։
Ս. Պօղոս-Ս. Պետրոսի տօնին առթիւ Վատիկանի մէջ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետին նախագահութեամբ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքարանի կողմէ ալ ներկայացուցիչ մը կը մասնակցի այդ արարողութեան։ Սրբազան Պապի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս տարուայ արարողութիւններուն Մետրապոլիտ Էմմանուէլ մասնակցեցաւ՝ որպէս Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչը։
Եկեղեցական այդ արարողութիւնը առիթ հանդիսացաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի եւ Էմմանուէլ Մետրապոլիտի եղբայրական հանդիպման։ Անոնք գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին։ Քրիստոնէական ոգիով սերտ համագործակցութիւն հաստատուած է երկու եկեղեցիներու աշխարհատարած թեմերուն միջեւ։ Սա կը համընկնի անոնց հովուապետներուն՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններուն։ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան եւ Մետրապոլիտ Էմմանուէլ ընդգծեցին, որ վերջին տասնամեակներուն երկու հայրապետներուն կողմէ կատարուած փոխադարձ այցելութիւնները անգնահատելի նպաստ մը բերած են Հայ Առաքելական եւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան։ Համաքրիստոնէական ընտանիքէ ներս ալ երկու երկիրները կ՚ընթանան փոխադարձ ըմբռնումով, շինիչ ոգիով ու միշտ կողմնակից՝ արդիւնաւէտ երկխօսութեան։
Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան եւ Էմմանուէլ Մետրապոլիտը անդրադարձան նաեւ Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ մօտաւոր անցեալին սկիզբ առած աստուածաբանական երկխօսութեան։ Ի շարունակութիւն քննարկումներու՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներն ու Ուղղափառ եկեղեցիները համաձայնութեան հասած էին միջեկեղեցական փաստաթուղթի մը շուրջ, որու բովանդակութիւնը ի յայտ կը բերէր, թէ անոնց դաւանանքին ու վարդապետութեան մէջ տարբերութիւնները իրականութեան մէջ շատ աւելի նուազ են՝ նմանութիւններուն բաղդատմամբ։ Երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները համակարծիք գտնուեցան, թէ կարելի է վերակենդանացնել այդ աստուածաբանական երկխօսութիւնը, վերոյիշեալ յայտարարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելով հանդերձ։
Զրոյցի աւարտին Էմմանուէլ Մետրապոլիտը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ուղղեալ՝ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի ողջոյնները։ Գերշ. Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանն ալ փոխադարձեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի ուղղեալ ողջոյնները։
Երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք վաղեմի ծանօթներ են, եղբայրաբար հրաժեշտ առին իրարմէ՝ երկխօսութեան մէջ մնալու ակնկալութեամբ։