ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Հռոմի միջազգային միջեկեղեցական գիտաժողովին

Նոյեմբերի 23-էն 26-ը Հռոմի Սբ․ Թովմաս Աքուինացիի անուան «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Լսելով Արեւելքը» խորագիրով միջազգային միջեկեղեցական գիտաժողով Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ժողովականութեան՝ սինոտականութեան վերաբերեալ:

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Փրո Օրիենտէ (Pro Oriente) միջազգային եկեղեցական կազմակերպութեան (Վիեննա) եւ վերոնշեալ համալսարանի Միջեկեղեցական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի /ինստիտուտի/ կողմէ, Քրիստոնէական միասնութեան խթանման բաժինի եւ Եպիսկոպոսներու Սինոտի գլխաւոր քարտուղարութեան հովանիի ներքոյ։

Գիտաժողովը, որուն մասնակցեցին Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ Արեւելեան Եկեղեցիներու առաջնորդներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ շուրջ հարիւր գիտնականներ ու Եկեղեցիներու աշխարհական պատուիրակներ, նպատակ ունեցած էր Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ժողովականութեան վերաբերեալ տարբեր պատկերացումներն ու փորձառութիւններ լսել:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ. Արմաշ Եպս․ Նալպանտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի տնօրէն Հոգշ․ Տ․ Գարեգին Վրդ․ Համբարձումեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի Մեծի Տանն Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կարէն Սարկաւագ Յոսոլխանեանը։

Չորսօրեայ գիտաժողովի առանձին աշխատանքային խումբերու մէջ ներգրաւուած էին 3 հայ  աշխարհական՝ Փարիզի Սորպոնի համալսարանի փրոֆէսոր Արամ Մարտիրոսեանը, աստուածաբանութեան դոկտոր Անի Ղազարեան-Դրիսսին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տիանա Ղազարեանը։

Առաջին երկու օրուան աշխատանքները նուիրուած էին Ժողովականութեան Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։

Ուրբաթ, Նոյեմբերի 25-ին, սկսաւ գիտաժողովի երկրորդ բաժինը «Ժողովականութիւնը ըստ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աւանդութեան» թեմայով։ Բացման նիստին հիմնական բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան «ժողովականութեան աստուածաբանութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու աւանդութեան համաձայն»։ Սրբազան Հայրը իր ընդարձակ ելոյթով քանի մը կարեւոր դիտարկումներ կատարեց։

Առաջինը, որ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները իրենց եկեղեցաբանական վարդապետութեան շնորհիւ Եկեղեցին կ՛ընկալեն ոչ թէ որպէս հաստատութիւն, այլ աւելի ճիշդ, որպէս Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի լիովին նոյնականացման արտայայտութիւն, որ վաղ եկեղեցաբանութեան բուն արտայայտութիւնն է։

Թէեւ որոշ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու մէջ կը գործածուին այլ բառեր, որոնք ստուգաբանօրէն տարբեր իմաստներ ունին, սակայն իր աստուածաբանական իմաստով «սինոտոս» բառը կ՛արտայայտէ Արեւելեան Ուղղափառ աւանդութեան մէջ ժողովականութեան ընդհանուր ըմբռնումը:

Հոգիաբանական (pneumatological) եւ քրիստոսաբանական երկու հիմնական աստուածաբանական հարթութիւնները Արեւելեան Ուղղափառ Աւանդութեան ժողովականութեան ընկալման համար՝ կրնան աստուածաբանական ընդունելի տեսակէտներ հանդիսանալ: Այս հարթութիւններու ոգեշնչող եւ հաղորդութենական յատկանիշները կարեւոր մոտելներ են նաեւ ժողովականութեան աստուածաբանութեան համար՝ Արեւելեան Ուղղափառ աստուածաբանական աւանդութեան մէջ։