ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Քրիստոնեաներու միասնութեան համար աղօթքի շաբաթ 2022

Յունուարի 25-ին աւարտեցաւ Քրիստոնեաներու միասնութեան համար աղօթքի շաբաթը, որ մեկնարկած էր Յունուարի 18-ին։ Եզրափակիչ արարողութիւնը կատարուեցաւ Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին։ Այս էքումենիք մէկշաբաթեայ նախաձեռնութեան ժամանակ բոլոր դաւանանքներու քրիստոնեաները կ՛աղօթեն ամբողջական միասնութեան հասնելու համար, այն ինչ նոյնինքն Քրիստոսի կամքն էր: Աւանդաբար ան կը նշուի հիւսիսային կիսագունդի մէջ Յունուարի 18-էն 25-ը, որ կը զուգադիպի Սուրբ Պետրոսի աթոռի եւ Սուրբ Պօղոսի դարձի յիշատակութեան օրերու միջեւ ինկած ժամանակահատուածին: Հարաւային կիսագունդի մէջ, ուր Յունուարը արձակուրդներու շրջան է, եկեղեցիները կը նշեն Աղօթքի շաբաթը այլ օրերուն, օրինակ՝ Հոգեգալուստի տօնին:

Աղօթքի շաբաթը սկիզբ առաւ երկու անգլիկան հոգեւորականներու՝ ամերիկացի Փոլ Ուոթսոնի եւ անգլիացի Սպենսեր Ճոնսի մտայղացումէն եւ պաշտօնապէս առաջին անգամ տեղի ունեցաւ Գրէյմուրի մէջ (Նիւ Եորք) 1908 թուականին։ 2008 թուականին նշուեցաւ նախաձեռնութեան հարիւրամեակը։ 1968 թուականէն աղօթքի թեման եւ բնագիրերը համատեղ մշակուած են՝ բողոքականներու եւ ուղղափառներու համար՝ Եկեղեցիներու Տիեզերական խորհուրդի «Հաւատք եւ կարգ յանձնաժողովի», իսկ կաթողիկէներու՝ «Քրիստոնէական միասնութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի» կողմէ:

Այս տարուան՝ 55-րդ Աղօթքի շաբթուան խորագիրը Մատթէոսի Աւետարանէն մոգերու խօսքերն էին․ «Մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու» (Մտ 2․2)։

Եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին տարբեր Եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական դաւանանքներու ներկայացուցիչներու շարքին էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանը։ Սրբազան Հայրը Ֆրանչիսկոս Պապին փոխանցեց Գարեգին Բ․ Հայրապետի եղբայրական եւ սրտալի ողջոյնը։ Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզին մէջ յորդորեց, որ մոգերուն պէս մենք ալ հետեւինք Յիսուսի աստղին, Անոր աւետարանին, Անոր միութեան հրաւէրին, առանց մտահոգուելու թէ ինչքան երկար եւ դժուար կ՛ըլլայ ճամբորդութիւնը։ Խօսելով արեւելքի մասին, ֆրանչիսկոս Պապը իր մտահոգութիւնը յայտնեց բռնութիւններով եւ պատերազմներով լեցուն տարբեր վայրերու մէջ ապրող քրիստոնեաներու համար։

Հռոմի Պապը իր քարոզը աւարտեց հետեւեալ բառերով․ «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մոգերէն ընդունեցէք մեր ուղեւորութեան ցուցմունքները եւ ընենք, այնպէս, ինչպէս  որ անոնք տուն վերադառնալու համար ըրին՝ որդեգրելով ուրիշ ուղի։

․․․Մենք պէտք է փոխենք մեր ուղին, ինչպէս նաեւ մեր սովորութիւններու եւ յարմարութիւններու ընթացքը, որպէսզի գտնենք այն ուղին, զոր Տէրը ցոյց կու տայ մեզի՝ խոնարհութեան, եղբայրութեան եւ երկրպագութեան ուղին։ Տէ՛ր, տո՛ւր մեզի քաջութիւն փոխելու ճանապարհը, դարձի գալու, հետեւելու քու կամքին եւ ոչ թէ մեր հնարաւորութիւններուն. միասին ընթանալու դէպի Քեզի, որ Քու Հոգիով կ՛ուզես մեզի մէկ բան դարձնել։ Ամէն»։