ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Վեպինար «Քրիստոնէութիւնը․ Մեր քոյր Հայաստանի դէմքը»

Երէկ՝ Ապրիլի 26-ին տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին, որ կազմակերպած էր  Հարաւային Իտալիոյ քահանայապետական աստուածաբանական ֆակուլտետը (Նէապոլ)։  Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, որ հրաւիրուած էր մասնակցելու միջոցառումին, բանախօսեց «միջեկեղեցական երկուսութիւն Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ» թեմայով։

Արցախի մշակութային ժառանգութեան հետ կապուած իրավիճակի եւ ցեղասպանութեան հետեւեանքներու մասին խօսեցաւ Տ․ Գարեգին Վրդ․ Համբարձումեան (Մայր Աթոռ Սբ․ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի պատասխանատու):

Աւելի քան երեք ժամ տեւած այս վեպինարին մասնակցեցան աստուածաբաններ, փիլիսոփաներ, ինչպէս նաեւ Դանիէլէ Պելլեկկիոնոն՝ վերջին արցախեան պատերազմը լուսաբանող իտալացի լրագրողներէն մէկը։

Իտալիոյի տարբեր քաղաքներէն համացանցի միջոցով միացած իտալացի երաժիշտներ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները կատարեցին։

Ուսումնական հաստատութեան դեկան Հայր Ֆրանչեսկո Աստին ընթերցեց Նէապոլի հոգեւոր առաջնորդ՝  Արք․ Տոմենիկո Պատտալիայի ողջոյնի խօսքը՝ մասնակիցներուն ուղղուած։

Դիտել տեսանյութը  🎬