ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Վատիկանի մէջ Քրիստոնեաներու միասնութեան աղօթքի շաբաթ

Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, վերջերս հրաւիրուած էր մասնակցիլ կարգ մը միջեկեղեցական արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս։

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի հրաւէրով Գերշ․ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 19 յունուարին մասնակցեցաւ՝ եկեղեցիներու միութեան նուիրուած արարողութեան մը, որու ընթացքին քարոզեց։ Այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանի մատրան մէջ, ուր ներկայ էին դասախօսներ, աշակերտներ եւ վարչութեան անդամներ։ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզին իբրեւ բնաբան ընտրած էր այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան համար ընտրուած՝ Յովհաննու Աւետարանի 15:5-9 հատուածը. «Իմ սիրոյ մէջ հաստատ մնացէք եւ շատ պտուղ տուէք»։

Գերշ․ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան  շեշտեց, որ Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի պատգամը մեզի՝ իբրեւ քրիստոնեաներ ցոյց կու տայ կեանքի կարեւորագոյն ճշմարտութիւնը: Արդարեւ, Տէր Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք կրնանք Իր սիրոյ մէջ հաստատ մնալ հետեւելով «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես սիրեցի ձեզ» (Յովհ. 15:12) պատգամին: Նորին Սրբազնութեան խօսքով՝ մենք կրնանք կեանքի ուրախութեան եւ երջանկութեան պտուղները վայելել, երբ Քրիստոսի մէջ հաստատ մնանք, զիրար սիրենք այնպէս, ինչպէս Ան մեզ սիրեց։ Քարոզիչ սրբազան հայրը մատնանշեց, որ Յովհաննու Աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի այս պատգամը բոլոր քրիստոնեաներու համար լաւագոյն ուղղեցոյցն է իրականացնելու միասնականութիւնը։ Որթատունկը մէկ է, իսկ ճիւղերը բազում։ Անոնք իրենց սնունդը կը ստանան նոյն արմատէն՝ ինչպէս տարբեր եկեղեցիներ, որոնք իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ, կրելով տարբեր մշակոյթներ, ունենալով տարբեր սովորութիւններ, տարբեր լեզուներ, սակայն բոլորին արմատը, հիմքը նոյնինքն Քրիստոսն է։ Բոլորն ալ նոյն արմատէն իրենց կեանքը, սնունդը կը ստանան՝ դառնալու համար պտղատու։

Գրիգորեան համալսարանի այս արարողութենէն օր մը վերջ՝ 20 յունուար 2021, չորեքշաբթի երեկոյեան, Գերշ․ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հրաւիրուեցաւ մասնակցելու՝ այս անգամ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թեմին կողմէ կազմակերպուած եկեղեցիներու միութեան ուղղեալ միջեկեղեցական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Սանթա Մարիա ին Թրասթեվերէ տաճարին մէջ, ուր եւս խօսեցաւ քարոզ մը։

Բաց աստի, Գերշ․ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հրաւիրուած էր մասնակցելու Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուան փակման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ 25 յունուար 2021, երկուշաբթի երեկոյեան, Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ։ Ամէն տարի, աւանդաբար, այս արարողութեան կը նախագահէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետը։ Այս տարի, սակայն, առողջական պատճառներով Սրբազան Պապը չկարողացաւ մասնակցիլ։ Արարողութեան նախագահեց եւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսքոս Ա. Պապի պատգամը փոխանցեց Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխ։

Սրբազան Պապի պատգամին բնաբանը նոյնն էր՝ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան այս տարուան բնաբանին հետ. «Մնացէք իմ սիրոյ մէջ» (Յովհ. 17:5-9)։ Ան  կը շեշտէր, որ որթատունկը նոյնինքն Տէրն է. իսկական որթատունկը, որ չի դաւաճաներ սպասումներուն փոխարէն, այլեւ հաւատարիմ կը մնայ սիրոյ՝ հակառակ մեր մեղքերուն եւ մեր բաժանումներուն։ Այդ որթատունկին մէջ բոլոր մկրտեալներս պատուաստուած ենք՝ որպէս ուռեր եւ սա կը նշանակէ, թէ մենք կարող ենք աճիլ ու պտուղ տալ միայն եթէ միացած ըլլանք Տէր Յիսուսին: