2022 թ. Հոկտեմբեր 11-ի երեկոյեան Սբ․ Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ յիշատակուեցաւ Յովհաննէս ԻԳ. (XXIII-րդ) Պապի կողմէ, 1962 թուականի Հոկտեմբերի 11-ին, Վատիկանի Բ. ժողովի բացումը: Միջոցառման ներկայ էր նաեւ Սբ․ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք. Պարսամեանը։
Իր ընդարձակ քարոզի մէջ Հռոմի Պապը կոչ ըրաւ վերագտնելու Վատիկանի Բ․ Ժողովի էութիւնն ու իմաստը։ Ան վերյիշելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պապի բացման արարողութեան առթիւ արտասանած խօսքերը՝ այն ուրախութեան մասին, որ պէտք է բնակուի Եկեղեցւոյ մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը վերահաստատեց, որ Եկեղեցին «եթէ չ՛ուրախանար եւ կ՛ուրանայ ինքզինք, որովհետեւ կը մոռնայ այս սէրը, որ զինք ստեղծեց», ապա շարունակեց. «Յիսուսին սիրահարուած եկեղեցին ժամանակ չունի բախումներու, թունաւորումներու եւ հակասութիւններու համար: Աստուած ազատէ մեզ քննադատական եւ անհանդուրժող, կոպիտ եւ զայրացած ըլլալէ: …Քանի որ, ով կը սիրէ ՝ ինչպէս կը սորվեցնէ Պօղոս առաքեալը, ամէն ինչ կ՛ընէ առանց տրտնջալու։ Տէ՛ր, սորվեցո՛ւր մեզի քու վեհ հայեացքը, որ Եկեղեցւոյ նայինք այնպէս, ինչպէս Դուն զայն կը տեսնես։
Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց արարողութեան մասնակցող Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, ապա փառաբանութիւն մատուցեց Աստուծոյ՝ Ժողովի պարգեւի համար։
Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Վատիկանի Բ. ժողովը սկիզբ առած էր Հռոմի Յովհաննէս ԻԳ. Պապի գահակալութեան վերջին տարին եւ աւարտած՝ 1965 թ․ Դեկտեմբերի 8-ին, Պօղոս Զ. (VI-րդ) Պապի օրով։
1963 թուականին Պօղոս Զ. Պապի հրաւէրով՝ Վատիկանի Բ. ժողովին մասնակցած են երկուքական ներկայացուցիչ՝ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններէն։
Վատիկանի Բ. ժողովի ընթացքին հաստատուած է շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ տարբեր Քրիստոնէական դաւանանքներու միասնութեան մասին Unitatis Redintegratio հրամանագիրը։ Վերջինիս մէջ ընդունուած հիմնակէտերու եւ որոշումներու շնորհիւ նոր էջ կը բացուի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ, որոնք այնուհետ լրիւ նոր զարգացում եւ որակ կը ստանան։
Ատոր ապացոյցը կ՛ըլլայ 1970 թ․ Մայիսի 8-էն 12-ը Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցը Վատիկան՝ Երուսաղէմի Պատրիարք Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի ուղեկցութեամբ։ Պատմական այդ այցի աւարտին կը ստորագրուի Համատեղ Յայտարարութիւն: