ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ պատարագ

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 27-ին Պէնալմատէնա գաղաքի մէջ կարուցուած Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցւոյ մէջ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ, Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան մատուցեց անդրանիկ Սուրբ և Անմահ Պատարագը։

Արարողութեան իրենց մասնակցուցիւն բերած էին Սպանիոյ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հայրապետական Պատուիրակի փոխանորդ Հոգշ. Շնորհք Աբղյ. Սարգսեանը ու Արժշ. Թադէոս Ա. Քհնյ. Գէորգեանը։

Պատարագի սկիզբը Խաժակ Սրբազան կատարեց վէմքարի օծումը, որպէսզի մինջեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ, առաջիկայ գարնան եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը, կարելի ըլլայ ամիսը երկու անգամ պատարագ մատուցանել։

Սուրբ պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ հիմնադիրներ, բարերարներ եւ մեծ թիւով Պէնալմատէնա, Մալակա, Մարպէլյա եւ Սէվիլյա քաղաքներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայեր։ Մատրիտ քաղաքէն եկած էին նաեւ ՀՀ Սպանիոյ մօտ դեսպան Տիար Սօս Աւետիսեանը իր տիկնոջ եւ Հիւպատոսի հետ։

Իր քարոզին մէջ Խաժակ Սրբազան իր գնահատանքը յայտնեց Հայր Շնորհքին, Եկեղեցւոյ բարերար եւ եկեղեցական խորհուրդի ատենապետ Տիար Ռաֆայէլ Բատալեանին, նաեւ բոլոր բարերարներուն, հիմնադիրներուն եւ եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն։ Յիշեցնելով ներկաներուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կոչը, ըսաւ․ «Ինչպէս 303 թուականին և ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակները կատարեցին իրենց առաքելութիւնը, այսօր ալ մենք պէտք է շարունակենք կառուցել լուսոյ խորաններ, եկեղեցիներ՝ պահելու եւ բազմացնելու համար մեր հոգեւոր, ազգային ու մշակութային գանձերը»։

Պատարագի վերջաւորութեան եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։