2022 թուականի Յուլիս 21-էն 23-ը Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ` Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան հովուական այցով Սպանիոյ հարաւը գտնուող Մալագա քաղաքը այցելած էր: Այցի նպատակը Մալագայի նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ «Դռնբացէքի» եւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւններն էին:
Արարողութենէն առաջ Սրբազան Հայրը, ուղեկցութեամբ Սպանիոյ եւ Փորթուկալիոյ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Տէր Շնորհք աբղ. Սարգսեանին, հանդիպում ունեցաւ տեղի եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ` քննարկելու առաջիկային եկեղեցւոյ վերջնական օծման, կիրակնօրեայ դպրոցի բացման եւ ընդհանրապէս համայնքային կեանքը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ ըստ պատշաճի կազմակերպելու հարցերը:
Ժողովէն ետք Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի նախագահութեամբ եւ ընթերակայութեամբ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդի` կատարուեցաւ եկեղեցւոյ «Դռնբացէքի» արարողութիւն եւ Սրբապատկերի օծման կարգ: Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն նշեց, որ այս եկեղեցին պէտք է ըլլայ բոլոր հայերու տունը: Եւ բոլորս միասին հոգ պէտք է տանինք այս եկեղեցին կեանքով լեցնելու համար:
Սրբազան Հայրը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր բարերարներուն, որոնք մտայղացած ու միասնականօրէն իրականութիւն դարձուցած էին Սպանիոյ մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի ունենալու գաղափարը, որ ի դէպ առաջին հայկական եկեղեցին է ողջ Սպանիոյ տարածքին:
Յաւարտ եկեղեցական արարողութիւններու, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ, ուր հնչեցին Կոմիտասի Պատարագէն հատուածներ եւ այլ կոմիտասեան ազգային երգեր: