Անցեալ երկուշաբթի՝ 28 փետրուարին, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օրուա առիթով Վատիկանում՝ Ս. Թովմաս Աքուինացիի Քահանայապետական համալսարանի համալիրէն ներս, հանդիսաւոր ձեռնարկ մը կայացաւ։
Ան կը բաղկանար երկու մասէն։ Առաջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթքը, որուն հանդիսապետեցին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ Քրիստոնէից միասնութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխը։ էքիւմենիք աղօթքին ի շարունակութիւն տեղի ունեցաւ ամերիկահայ փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանի հեղինակած գիտական ծանօթագրութիւններով անգլերէն «Ի խորոց սրտի» գիրքի շնորհանդէսն էր։ Այս գիրքը լոյս տեսած է Սեն Ճանս համալսարանի հրատարակչութենէն։
Եկեղեցական արարողութեան սկզբին Խաժակ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Քոխին եւ Կարտինալ Սանտրիին, որոնց հովանաւորութեամբ և մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռում ՀՀ դեսպանության և Ս. Թովմաս Աքուինացիի քահանայապետական համալսարանի մշակուած էր Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութեան օրուայ ծրագիրը։ Ապա աղօթք վերառաքեց համայն աշխարհի ու մասնաւորապէս Ուքրայնայի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար։
Կարտինալ Քոխ իր խոսքի մէջ նշեց, որ հայազգի մեծանուն սուրբը եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացի այս տարի եւս համախմբած է զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ միջեկեղեցական աղօթքով իր յիշատակութեան օրուան առթիւ։ «Մենք իր բարեխօսութիւնը կը խնդրենք՝ դէպի լիարժէք հաղորդութեան ճանապարհին։ Կոչ կ՚ուղղենք Ս. Գրիգորին, որուն յաճախ կ՚անուանեն Խաղաղութեան վարդապետ, աշխարհի վրայ՝ յատկապէս Ուքրայնայի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։
Էքիւմենիք արարողութեան ընթացքին քարոզեց Արեւելեան եկեղեցիներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի։ Քարոզիչ կարտինալը յուզիչ արտայայտութիւններով մէջբերումներ ըրաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն եւ ներկաները հրաւիրեց, որպէսզի աղօթեն հայազգի սուրբին աղօթքով, անոր ձայնով՝ Տիրոջմէ խնդրելով նոյն հաւատքի եւ նոյն խորութեան խորհրդածութեան պարգեւը։ «Սիրելի հայ բարեկամներ, թէեւ դուք Նարեկացին պահելու նախանձախնդրութիւն ունեցած էք՝ որպէս զաւակ ժողովուրդի մը եւ եկեղեցիի մը, որ միակն է իր պատմութիւնով, այբուբենով, լեզուով ու արուեստի իւրայատկութիւններով, սակայն, ան դարձաւ բոլորինը՝ հռչակուելով ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ»։, ըսաւ Կարտինալ Սանտրի։
Ներկաներու շարքին էին Ղպտի, Անկլիքան եւ Ողղափառ եկեղեցիներու կողմէ ներկայացուցիչներ, Մխիթարեան միաբաններ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հալէպի վիճակաւորը՝ Միրիաթեան Գերապայծառ, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, այլ զանազան եկեղեցիներէ հոգեւորականներ, ակադեմական շրջանակներէ դէմքեր եւ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան։