ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Շքանշաններու յանձնման արարողութիւն Միլանի Սբ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ

Սոյն տարուան Նոյեմբեր 13-ին Միլանի Սբ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ պատարագը նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։ Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրը իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն՝ նշելով, որ ինչպէս մարմինի տարբեր անդամները ունին իրենց կարեւոր նշանակութիւնը, այնպէս ալ եկեղեցին՝ ի գլուխ ունենալով Քրիստոսը, կ՛ընթանայ իր բազմաթիւ անդամներով։ Ամէն մէկը կարեւոր առաքելութիւն մը ունի եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ համայնքի երկու երախտաւոր անձերուն՝ 90-ամեայ Երուանդ սարկաւագ Երէցեանին, որ 6 տասնամեակ է արդէն, անձնուիրաբար կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ վառ օրինակ է քանի մը սերունդի համար, ինչպէս նաեւ Լուսի Պալեանին, որ իր ազնիւ նուիրատուութեամբ՝ ի յիշատակ իր զարմիկներու՝ Անդրանիկ եւ Օհաննէս Ճերճէրեաններու, նախատեսած է վերականգնողական եւ հոգեւոր կեդրոն հիմնել Տաւուշի թեմի մէջ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներուն՝ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեանի նախաձեռնութեամբ։

Խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւիրեց պատարագիչ՝ Իտալիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Աբղ. Յարութիւնեանը, ընթերցելու երկու Հայրապետական սրբատառ կոնդակ, որոնցմով Սբ. Ներսէս Շնորհալի շքանշան կը շնորհուէր Երուանդ սարկաւագ Երէցեանին եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանը՝ տիկին Լուսի Պալեանին։

Իր գնահատանքի խօսքը հնչեցուց նաեւ յանուն Սբ. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ հոգաբարձուներու խորհուրդի ատենապետ Սարօ Խոտավերտեանը։