ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Միջեկեղեցական աղoթք Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի առթիւ

Սուրբ Աթոռի Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան, Քահանայապետական Լեւոնեան կաթոլիկ /կաթողիկէ/ հայ վարժարանի, Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւններու կազմակերպութեամբ սոյն թուականի 27 Ապրիլին, Հռոմի Ս․ Բարթուղիմէոսի եկեղեցւոյ մէջ միջեկեղեցական աղօթք կատարուեցաւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին նուիրուած։

Արարողութեան ներկայ էին Սուրբ Աթոռի Անգլիկան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ արքեպիսկոպոս Եան Էռնեստը, ղպտի ուղղափառ, ռուս ուղղափառ, կաթոլիկ /կաթողիկէ/, անգլիկան, աւետարանական-լուտերական եւ մեթոտիստական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Comunità di Sant’Egidio միջազգային մարդասիրական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Մարկօ Իմպալիացցոն, հասարարական եւ քաղաքական գործիչներ, բազմաթիւ դեսպաններ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ հայ հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ:

Միջոցառումի սկիզբը Ս․ Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ լուսարարապետ Հայր Անճելօ Ռոմանոն բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ապա ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպաններ՝ տիար Կարեն Նազարեանն ու տիկին Ծովինար Համբարձումեանը։

Արարողութիւնը նախագահեց եւ իր պատգամը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Քրիստոնեաներու միասնութեան խթանման վերատեսչութեան նախագահ՝ Վսեմաշուք քարտինալ Կուրտ Գոխ։ Իր բազմաբովանդակ քարոզի մէջ ան նախ յիշեցուց, որ հայոց ցեղասպանութեամբ սկսաւ երկրորդ հազարամեակի վերջին եւ երրորդ հազարամեակի սկիզբի բազմաթիւ քրիստոնեաներու նահատակութեան ողբերգական պատմութիւնը։ «Մենք մեծ երախտիք եւ պարտք ունինք հայ քրիստոնեաներու առջեւ, որ իրենց կեանքով վկայեցին, թէ ինչ կը նշանակէ նահատակութիւն։ Այս բառը կու գայ յունարէն «martys» բառէն, որը կը նշանակէ «վկայ»: Քանի որ նահատակը՝ մարտիրոսը, հաւատքը կը վկայէ ոչ միայն իր խօսքով, այլեւ՝ իր վարքով, ուստի ան կը դասուի հաւատքի ամենաարժանի վկաներու շարքին»,- ըսաւ ան:

Քարտինալը հայ նահատակներու օրինակով հաստատեց, որ նահատակութիւնը էքիւմէնիք է եւ նահատակներու էքիւմէնիզմը, կամ ինչպէս Ֆրանչիսկոս պապը կ՛ըսէ՝ «արեան էքիւմէնիզմը», անկասկած, այսօրուան էքիւմէնիզմի ամենահամոզիչ յատկանիշն է։

Քարտինալ Գոխը մտաբերելով քանի մը քննադատական ​​փիլիսոփաները, արտայայտեց անոնց այն միտքը, որ իրական արդարութիւնը կը պահանջէ վերացնել ոչ միայն այսօրուան մարդկութեան, այլեւ «անդառնալի անցեալի» տառապանքները։ Ատոր համար բաւական չէ, որ մարդիկ յիշատակեն պատմութեան զոհերը․ պէտք է, որ վերջիններուս անունները գրուին Աստուծոյ կենդանի յիշողութեան մէջ, ուստի չի կրնար ըլլալ արդարութիւն՝ առանց զոհերու յարութեան:

Ան նշանակալից համարեց այն, որ հայ նահատակներու ոգեկոչումը կը համընկնի Զատիկի տօնական շրջանին հետ: Քարտինալի համոզմամբ, նահատակներու հաւատքի վկայութիւնը իրապէս կ՛ամրացնէ քրիստոնեաներու յարութեան յոյսը, որով անոնք կիսեցին Յիսուսի տառապանքները, կիսեցին նաեւ անոր յարութիւնը եւ յաւերժական կեանքը Հօր հետ:

Քարտինալ Գոխը իր պատգամը աւարտեց հետեւեալ խօսքերով․ «Այս երեկոյ Սբ․ Բարթուղիմէոսի եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու նահատակներու յիշատակը այն յոյսով, որ Աստուծոյ մօտ բնակութիւն ստանալու այսօրուան Աւետարանի խոստումը արդէն կատարուած է իրենց համար։ Նահատակուած հայ քրիստոնեաներուն կը յանձնենք Աստուծոյ փրկարար սիրոյն, բայց եւ կը խնդրենք անոնց բարեխօսութիւնը, որ իրենց աղօթքներով ուղեկցին մեզ մեր հաւատքի վկայութեան մէջ, եւ յատկապէս, սատար կանգնին այն բազմաթիւ քրիստոնեաներուն, որոնք այսօր կը հալածուին եւ պիտի նահատակուին»: Քարտինալը աղօթական ոգիով շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին իր հաւատքի վկայութեան համար, որովհետեւ Հայը իր կեանքով արժանահաւատօրէն հետեւեցաւ Պետրոսի /Ա․ թուղթ, 3․15-17/ պատգամին եւ մահը վեր դասելով կեանքի բոլոր հաճոյքներէն՝ չարչարանքով մարտիրոսութեան օրինակ դարձաւ։

Յաւարտ աղօթքի՝ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերշ․ Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան շնորհակալական խօսքով ուղղեց։

Այնույետ, եկեղեցւոյ լուսարարապետը բոլոր ներկաները հրաւիրեց իր ուղեկցութեամբ շրջայց կատարել եկեղեցւոյ ստորգետնեայ դամբարանին մէջ գրեթէ ամիս մը առաջ բացուած XX-XXI-րդ դարու Նոր նահատակներու յուշաթանգարանը։