Աստուածամօր Վերափոխման Տօնի առթիւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերշ. Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան հովուական այց կատարեց Պելճիքա։
Կիրակի, 13 Օգոստոս, 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Աստուածամօր Վերափոխման տօնի առիթով Լիէժի մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ։ Պատարագեց Հոգեշնորհ Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեան, քարոզեց՝ Արեւմտեան Եւրոպիոյ Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան։
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի, հանդիսապետ՝ Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան կատարեց աւանդական խաղողի օրհնութիւն եւ համայնքի մանուկներուն հետ բաժնեց արարողութեանց ներկայ հաւատացեալներուն։
Յաջորդ օրը, 14 Օգոստոս, 2023-ին, Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Լիէժի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանի քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Լիէժի Կաթոլիկ Առաջնորդ Եպս․ Ժան-Փիէր Տէլվիլլի, անոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան տասնամեակի եւ Աստուածամօր Վերափոխման տօնի զոյգ առիթներով։ Ջերմ ընդունելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը Մոնս․ Տէլվիլլիի յայտնեց, թէ այս տարի ինք եւս պիտի մասնակցի Վերափոխման տօնի առիթով Պանուի Աստուածամօր սրբավայր կատարուելիք ամէնամեայ ուխտագնացութեան։ Ապա Լիէժի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեան Մոնս․ Տէլվիլլի ներկայացուց Հայ․ Առաքելական եկեղեցւոյ գործունէութեանց մանրամասնութիւնները։ Մոնս․ Տէլվիլլ շնորհակալութիւն յայտնեց այս քաղաքավարական այցելութեան համար եւ նորոգեց Հայ համայնքին եկեղեցւոյ մնայուն շէնք մը շնորհելու իր խոստումը։
Նոյն օրը, Սրբազան Հայրը այցելեց Օգոստոս 5-ին Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքի ծովեզերքը պատահած ցաւալի դէպքի պատճառով ի Տէր հանգած՝ Սարգիս Առաքելեանի ողբացեալ ընտանիքին՝ ցաւակցելու։
Ապա երեկոյեան, Սրբազան Հայրը նախագահեց Ծխական խորհուրդի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ծխական խորհուրդի անդամներէն Պրն․ Կենջիկ Պետրոսեանի յարկին տակ, ի ներկայութեան Լիէժի հոգեւոր հովուի եւ Ծխական խորհուրդի անդամներու։ Ժողովի ընթացքին Հոգեշնորհ Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեան համայնքին անունով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօրը հովուական այս այցելութեան համար, ապա ներկայացուց Լիէժի եկեղեցւոյ գործունէութեան, ապագայ ծրագիրներու եւ համայնքային կեանքի մանրամասները։ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ գնահատանքի խօսքեր ըսաւ կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբին եւ Ծխական խորհուրդի անդամներուն յետագայ ծրագիրները լաւագոյնս իրականացնելու համար։
Երեքշաբթի, 15 Օգոստոս, 2023-ին, Գերշ. Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, ընկերակցութեամբ Լիէժի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանի այցելեց Անվերս քաղաքի առաջնորդ Մոնս․ Եօհան Պօննիի եւ վերջինիս հետ մասնակցեցաւ Անվերսի Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուրբ պատարագին։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը Մոնս․ Պօննիի նուիրեց Ղազարոսին նուիրուած սրբապատկեր մը։
Պատարագի ընթացքին քարոզեց Կաթոլիկ առաջնորդ Մոնս․ Պօննի եւ իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց իր աւելի քան 25 տարուայ բարեկամ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպիոյ Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերշ. Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանին եւ Լիէժի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ․ Մաղաքիա Աբեղայ Պէսքիսիզեանին այս այցելութեան եւ սուրբ պատարագին մասնակցելու համար։ Պատարագի վերջաւորութեան, Կաթոլիկ առաջնորդը հրաւիրեց Սրբազան Հայրը կատարելու իր շնորհակալական խօսքը եւ ներկաներուն փոխանցելու Աստուածամօր Վերափոխման տօնի իր պատգամը։
Յետ սուրբ պատարագի, Հայրապետական Պատուիրակութիւնը Կաթոլիկ առաջնորդին կողմէ պատուեցաւ Մայր տաճարի պարտէզին մէջ, ապա Սրբազան Հայրը եւ Հայր Սուրբը մեկնեցան Լիէժ։ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ նաեւ հանգուցեալ Արթիւր Էօճալիի մահուան առաջին տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութեան եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Էօճալի ընտանիքին։
Կէսօրէ ետք, ժամը 3-ին, Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս․ Աստուածածանի Վերափոխման տօնին առիթով կազմակերպուած Պանուի Աստուածամօր սրբավայրի ուխտագնացութեան եւ կատարեց Խաղողօրհնէքի արարողութիւն եւ իր օրհնութիւնն ու պատգամը տուաւ սրբավայրին մէջ ներկայ գտնուող տարբեր երկրներէ ժամանած հայ հաւատացեալներուն