ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

«Հայկական ներկայութիւնը Սուրբ երկրի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողով Լիւքսեմպուրկում

Դեկտեմբեր 7-ին Լիւքսեմպուրկի Սան Միշէլ եկեղեցւոյ մէջ (Eglise Saint Michel) կայացաւ «Հայկական ներկայութիւնը Սուրբ երկրի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողով։ Ան կազմակերպած էր 1916 թուականին հիմնադրուած Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան Conférence Saint-Yves (CSY) կաթողիկէ իրաւաբաններու գիտախումբը։

Ներածական խօսքով՝ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական արդի հիմնախնդիրերու մասին հանդէս եկաւ Լիւքսեմպուրկի եւ Նիտերլանտներու մէջ ՀՀ դեսպան պարոն Տիգրան Պալայեանը։

Խորհրդաժողովին՝ հայկական ներկայութեան մասին Սուրբ երկիրի մէջ 4-րդէն 21-րդ դարերուն, բանախօսեց կրօնական մարդաբան, Երուսաղէմի քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու մասնագէտ, Ֆրանսայի գիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի (CNRS) նախկին գիտաշխատող Սօսի Անտէզեանը։

Հանդիպումը եզրափակեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան, որ ընդհանուր տեղեկութիւններ հաղորդեց Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ու անոր Սբ․ Յակոբ Հայոց վանքի մասին։ Իր ելոյթի աւարտին Սրբազան Հօր հրաւէրով, միասնական աղօթք կատարուեցաւ։

Խորհրդաժողովին ներկայ էին Լիւքսեմպուրկի կաթողիկէ առաջնորդի փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Լէօ Վագեները, Լիւքսեմպուրքի մէջ Յունաստանի դեսպան պարոն Անգելոս Իպսիլատիսը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ եւ հիւրեր։