Կիրակի 19-ը Մայիս, առաւօտեան ժամը 11։30-ին Մատրիտի Ալմուտենա մայր տաճարի առջեւ զետեղուած խաչքարի օծման կարգը կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ Մատրիտի Արքեպիսկոպոս մետրոպոլիտ, Կարտինալ Խոսէ Կոբո Կանոյի, որուն կը մասնակցէր նաեւ Սպանիոյ եւ Փորթուգալիոյ մէջ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Հոգշ․ Տ․ Շնորհք Աբղ․ Սարգսեանը:
Ներկայ եղան Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն․ Սօս Աւետիսեանն ու դեսպանութեան ողջ անձնակազմը, Մատրիտի երկրորդ փոխքաղաքապետ պրն․ Բորխա Ֆանխուլը, քաղաքային խորհուրդի խորհրդական պրն․ Խուան Տելէս, սպանական PRISA՝ հաղորդակցութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ զուարճանքի ոլորտներու մէջ առաջին ընկերութեան փոխնախագահ՝ տիկ․ Պիլար Խիլը եւ Հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու գծով բաժինի վարիչ պրն․ Խուան Տելէսը, Սպանիոյ եւ Նիկարագուայի դեսպանը, այլ պատուաւոր հիւրեր եւ բազում հայ հաւատաւորներ Սպանիոյի տարբեր վայրերէն։ Դիտել տեսանիւթը 🎥
Մոմիկի Նորավանքի ասեղնագործ խաչքարին նմանող այս խաչարձանը, որուն հեղինակը Արտակ Համբարձումեանն է, տեղադրուած էր անցեալ տարուան Օգոստոսին` նուիրատուութեամբ Մատրիտի հայ համայնքին, որպէս բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան նշան Սպանիոյ ժողովուրդի եւ անոր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հանդէպ։
Յաւարտ արարողութեան Մատրիտի մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս․ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Մատրիտի Արքեպիսկոպոսի։
Կարտինալ Խոսէ Կոբո Կանոն իր քարոզի մէջ անդրադարձաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ի մասնաւորի Խաժակ Արք․ Պարսամեանին, ով Հոգեգալստեան այս հոգեպարար տօնի առիթով կը մասնակցէր մայր տաճարի մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին, իր հաւատաւոր հօտի հետ միասին:
Գերապայծառ Կարտինալը զուգահեռներ կատարեց Տիրոջ աշակերտներու միասին եւ միախորհուրդ ըլլալու եւ այդ օրը, հայ ու սպանացի հոգեւորականներու ու հաւատացեալ ժողովուրդի միասնական աղօթք բարձրացնելու հետ:
«Ինչպէս որ Տիրոջ առաքեալներն էին տարբեր իրենց մարդկային էութեամբ, բայց միասնական իրենց հաւատքով, այնպէս ալ մենք այսօր տարբեր ենք մեր մշակոյթներով, սակայն միասնական ենք մեր հաւատքին մէջ: Պայման չէ որ մեր միասնականութիւնը բացառի մեր բազմազանութիւնը: Աշխարհը առաւել քան երբեւէ կարիք ունի աստուածային խաղաղութեան, որ կարենայ իրականութիւն դառնալ մեր միասնական աղօթքի միջոցով` խնդրելով Ամենակարող Աստուծմէ, որ առաքէ իր խաղարարար Սուրբ Հոգին եւ միաւորէ մեզ բոլորս իր շուրջը», – ըսաւ Մատրիտի հոգեւոր առաջնորդը:
Պատարագի վերջաւորութեանը իր խօսքին մէջ Խաժակ Սրբազան նախ անդրադարձաւ խաչքարին՝ որպէս հայազգի ինքնութեան եզակի եւ մնայուն խորհրդանիշի, անոր հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ քանդակագործութեան արուեստի կարեւոր արտայայտութեան, որու յատկանշական տարրը՝ խաչն է:
Յիշեցնելով, որ Քրիստոնէութեան վաղ օրերէն խաչը եղած է ինչպէս Կաթոլիկ, այնպէս ալ Հայ Եկեղեցւոյ համար հաւատքի յաւիտենական խորհրդանիշ, սիրոյ, զոհաբերութեան եւ փրկագործութեան մարմնաւորում, ան մասնաւորեց, որ նորաօծ խաչքարը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի միասնութեան եւ երկու Եկեղեցիներու սերտ յարաբերութիւններու հիանալի վկայութիւնն է:
Սրբազանը ողջունեց Հայ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները եւ համագործակցութեան ոգին, որ առկայ է նաեւ տեղական մակարդակներու մէջ, ինչպէս օրինակ Սպանիոյ մէջ, ուր շուրջ 40-հազարնոց հայ համայնքի հաւատաւորներուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի հայկական պատարագ կատարել կաթոլիկ եկեղեցիներու հիւրընկալութեամբ։
Սրբազանը աւարտեց իր խօսքը մեջբերելով 1996 թ. Դեկտեմբեր 13-ին, Գարեգին Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի կողմէ Վատիկանի մէջ ստորագրուած Համատեղ յայտարարութենէն․
«Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը եւ Գարեգին Ա․ Կաթողիկոսը կոչ կ՛ուղղեն իրենց հոգեւորականութեան ու աշխարհական դասին’ աւելի աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ կերպով առաջ տանիլ իրենց ամբողջական համագործակցութիւնը՝ ծառայութեան բոլոր ասպարէզներուն եւ դառնալու հաշտութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան գործակալները, պայքարելու մարդկային իրաւունքներու ճշմարիտ ճանաչման համար եւ իրենք իրենց նուիրելու’ զօրավիգ ըլլալու բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին եւ հոգեւոր ու նիւթական կարիքի մէջ են ողջ աշխարհի մէջ»։
Ապա, Խաժակ Արք․ Պարսամեան դիմելով Մատրիտի Արքեպիսկոպոսին մաղթեց, որ այդ նորաօծ խաչքարը բոլորին յիշեցնէ երկու Եկեղեցիներու երջանկայիշատակ պետերու կոչի մասին։ Դիտել տեսանիւթը 🎥
Ուշագրաւ է, որ հայերու եւ Սպանիոյ միջեւ առաջին նշանակալից շփումը տեղի ունեցած է խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք․ Լեւոն Ե․ արքան 1383 թուականին կը հիւրընկալուի Կաստիլիոյ թագաւոր Յովհաննէս Ա․-ի կողմէ։ Լեւոն արքայի ներկայութիւնը Սպանիոյ մէջ կը խթանէ երկու մշակոյթներու միջեւ փոխգործակցութիւնը:
ԺԵ․ դարուն Բիւզանդական կայսրութեան անկումէն դրդուած բազմաթիւ հայեր ապաստան փնտռած են Արեւմտեան Եւրոպայի, այդ պարագային Սպանիոյ մէջ։ Հայ վաճառական քանի մը ընտանիքներ հաստատուած են Սպանիոյ հարաւը գտնուող Քատիս քաղաքին մէջ՝ սահմանակից Ճիպլարթարի նեղուցին, ուրկէ հայ առեւտրականներու նաւերը կ՛անցնէին հասնելով մինչեւ Հնդկաստան: