ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Խաչքարի Օծման Արարողութիւն Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի Եկեղեցւոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 22-ին, Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ․ Տէր Խաժակ Արք․ Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ արցախեան 44 օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն:

Արարողութեան ներկայ էին Նիտերլանտներու Թագաւորութեան մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Վիկտոր Պիագովը, ինչպէս նաեւ Նիտերլանտներու տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Խաչքարը տեղադրուած է բարերարութեամբ՝ եկեղեցւոյ հաւատացեալ Արմէն Աւանէսովի: Խաչքարի հեղինակը հայաստանաբնակ Արտակ Համբարձումեանն է, խաչքարը Հայաստանէն Նիտերլանտներ հասաւ եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուեցաւ օժանդակութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Աբրահամեանի եւ Տարօն Խաչատրեանի:

Օծման արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն. «Այս խաչը օրհնուելով եւ օծուելով Սուրբ Միւռոնով դարձաւ Սուրբ Խաչ, խաչ որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք երկրպագել, խաչ, որուն առջեւ մենք պէտք է շարունակենք աղօթել: Պէտք է աղօթենք, որպէսզի անոնք որոնք այսօր եւ անցեալին իրենց կեանքը զոհեցին մեր հայրենիքին համար, Արցախի համար, որոնց կեանքը սուրբ կեանք դարձաւ, պէտք է խանդավառող առիթ դառնան մեզի համար: Եկէք միասին այս խաչքարին առջեւ աղօթենք. հայրենիքի, Արցախ աշխարհի եւ Սփիւռքի միասնութեան համար: Վստահ եղէք, որ մեր միասնական աղօթքին մէջ, մենք հայ ժողովուրդի զաւակներս, պիտի շարունակենք հրաշքներ գործել»:

Դեսպան Պիագովը իր խօսքին մէջ եւս շեշտեց միասնութեան կարեւորութիւնը, միասնութեան մէջ տեսնելով մեր ուժը. «Այսօր մեզի միաւորած է ոչ միայն համընդհանուր ցաւը, մորմոքը, այլ նաեւ հպարտութիւնը: Այս խաչքարը ապացոյց է հայ ժողովուրդի անկոտրուն կամքի եւ ժամանակի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու բացառիկ քաջութեան: Միայն ու միայն ամուր Հայաստանն ու մեր Եկեղեցին է հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ յարատեւութեան երաշխաւորը: Այսօրուան հրամայականն է` համախմբել բոլորիս ուժերը, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ յանուն մեր երազանքի պետութեան կերտման»:

Ձեռնարկին գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ ունեցան Ամսթըրտամի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» եւ Հիրհուկովարտի ծխական համայնքի կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները, նաեւ «Արմենիա» երաժշտական կեդրոնի երաժիշտները: