ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Խաղաղութեան աղօթք եւ փակման արարողութիւն Քոլիզէի մէջ

Հոկտեմբեր 23-էն 25-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունենացաւ համաշխարհային կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպում, զոր կը կազմակերպէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքոյ գործող Սանթ Էճիտիո (Sant’Egidio) համայնքը 1986 թուականէն սկսեալ։

Այս տարուան եռօրեայ միջազգային հաւաքը, որ կը կրէր «Խաղաղութեան ճիչ․ կրօնները եւ մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագիրը, իր շուրջ համախմբած էր կրօնի, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ, աւելի քան 50 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր մարդիկ հեռավար մասնակցելու համար։

Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի երեկոյեան, Հռոմի La Nuvola «Քոնկրես» կեդրոնէն ներս՝ ներկայութեամբ Իտալիոյ նախագահ Սերճիո Մատարելլայի եւ ֆրանսիայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնի։ Իր ոգեշունչ ելոյթի ընթացքին Նախագահ Մակրոնը երկու անգամ  հետեւեալ հորդորը ուղղեց «Ուկրանիոյ պատերազմը պէտք չէ մոռացութեան մատնէ Հայաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Սոմալիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնները»:

Հոկտեմբեր 24-25-ին տեղի ունեցան աշխատանքները տարբեր, առանձին «ֆորումներ»-ու ձեւաչափով։

Այս կարեւոր միջազգային հաւաքին Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան ներկայացուց Հայ Առաքելական Եկեղեցին։ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ բացման արարողութեան, ապա Հոկտեմբեր 24-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Միասնական Զատիկ. այլեւս ոչ թէ երազանք, այլ աշխարհը միաւորելու անհրաժեշտութիւն» խորագիրով «ֆորում»-ի աշխատանքներուն։

Իր ելոյթի սկիզբը Սրբազան Հայրը նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սանտ Էճիտիո համայնքին այս նախաձեռնութեան եւ մասնակցելու իրեն ընձեռուած հնարաւորութեան համար։ Ան նշեց, որ համաճարակի պատճառով ցնցուած աշխարհը, վերջին լուրջ քաղաքական հակամարտութիւններու պատճառով այսօր կանգնած է նոր համաշխարհային սպառնալիքի առջեւ, որուն դիմակայելու համար կը պահանջուի բոլորիս միասնութիւնը։ Ապա Սրբազանը անդրադարձաւ  միջ-եկեղեցական շարժման՝ ի դէմս 1948 թ․ հիմնադրուած Եկեղեցիների Համաշխարհային Խորհուրդի, ընդգծելով անոր դերը՝ պատմութեամբ, աշխարհագրութեամբ, աստուածաբանութեամբ եւ մշակոյթով իրարմէ տարբեր եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, եւ համագործակցութեան քաղաքականութեան եւ մերձեցման միջավայրի մթնոլորտի ձեւաւորման համար։

Խօսելով արդի ժամանակաշրջանի միջ-եկեղեցական շարժման նուաճումներու մասին, ան կարեւորեց Վատիկանի Բ․ Ժողովի (1963-1965 թթ․) «թարմացման» ոգին։ Վատիկանի Բ․ Ժողովին ընդունուեցան շուրջ 16 կարեւոր որոշումներ, որոնք ոչ միայն մեկնակէտ ծառայեցին զգալի վերափոխումներու՝ վարդապետութեան, ծէսի, աստուածաբանութեան ոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցի-ոչ քրիստոնէական կրօններու նոր յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ առաւել կրօնական ազատութեան ապահովման համար, այլ նաեւ նոր զարգացում եւ որակ հաղորդեցին յետագայ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն։

Անդրադառնալով բուն «ֆորում»-ի թեմային, ան ընդգծեց, որ Քրիստոսի յարութիւնը մեր՝ քրիստոնեաներուս, հաւատքի հիմնաքարն է, եւ զայն նոյն օրը միասին տօնելը բացառիկ քայլ կ՛ըլլայ Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութեան մէջ մեր միասնութիւնը իրագործելու համար: Ան համառօտ ակնարկ կատարեց Կաթոլիկ եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու կողմէ, 90-ական թուականներու աւարտէն մինչ օրս նախաձեռնած քայլերուն՝ Քրիստոսի Յարութեան տօնի ընդհանուր օր սահմանելու համար։

Իր ելոյթի աւարտին Սրբազան Հայրը կարծիք յայտնեց, որ  2025 թուականին Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի տօնախմբութիւնը կրնայ լաւագոյն առիթը հանդիսանայ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն Քրիստոսի Յարութեան տօնը նոյն թուականին տօնախմբելու համաձայնութեան: