ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրման 655-ամեակը

Սեպտեմբեր 3-ին Լեհաստանի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսութեան հիմնադրման 655-ամեակի տօնակատարութեան ծիրէն ներս Կրակովի Վաւելի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած է տիեզերական աղօթք` Կրակովի միտրոպոլիտ Մարեկ արքեպիսկոպոս Յեդրաշեւսկիի, Լեհաստանի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի կողմէ:

Արարողութեան ներկայ էին Լեհաստանի Հանրապետութեան Նախագահի խորհրդական Անճէյ Վաշկոն, Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Զապժէի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Հրաչեայ Պոյաճեան, Ներքին գործերու եւ վարչակազմի նախարարութեան վարչութեան տնօրէն Անճէյ Սօսնովսկին եւ Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Գերաշնորհ Խաժակ արք. Պարսամեան, դիմելով ներկաներուն, իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Լեհաստանի մէջ հայերու ներկայութիւնը գրեթէ 800 տարուայ երկար պատմութիւն ունի: Անոնք ողջունուեցան լեհ ժողովուրդին կողմէ եւ ընդելուզուեցան հասարակութեան մէջ նպաստելով Լեհաստանի տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին: Մենք կ՛աղօթենք այսօր, որ ինչպէս անցեալին, անոնք պահպանեն իրենց ինքնութիւնը միանալով լեհական հասարակութեան, միաժամանակ նպաստելով այս պատմական, բայց նաեւ ժամանակակից եւրոպական երկրի ընկերային եւ տնտեսական կեանքին: Այս արարողութեան ընթացքին մենք կ՛աղօթենք Լեհաստանի եւ Հայաստանի համար, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար: Թող մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը ըլլայ բոլորիս հետ եւ թող Ան ոգեշնչէ եւ առաջնորդէ աշխարհի ղեկավարները` խաղաղութիւն բերելու ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ»:

Կրակովի միտրոպոլիտ Մարեկ արքեպիսկոպոս Յեդրաշեւսկին իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց. «Կազիմիր Մեծի իշխանութեան ժամանակ, վերջինս հանդիպած է հայերուն ու անոնց եկեղեցին: Կազիմիր Մեծը ողջունած եւ հնարաւորութիւն տուած է զարգացնելու իրենց ինքնութիւնը տալով տարբեր արտօնութիւններ եւ ճանչնալով հայ եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւնը: Ժամանակի ընթացքին հայկական համայնքները կրցած են ազատօրէն զարգանալ, ունենալ իրենց սեփական ինքնակառավարումը եւ կը կառավարուէին սովորութային իրաւունքով: Հայերը ներկայ էին Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնք աչքի կ՛իյնային արեւելեան լեզուներու իմացութեամբ: Անոնց շնորհիւ լեհերն իրենց այլ կերպ հասկցան եւ ներկայացան այլ ազգերու, իսկ շատ արեւելեան տարրեր արմատաւորուեցան լեհական մշակոյթին մէջ: Լեհական մշակոյթի բացառիկ դէմքեր հանդիսացող հայերէն են Զամոշցի Սիմէոնը, Ստեփանոս Ռոզկային, եղբայրներ Եօզէֆ Բարթլոմիեյին եւ Շիմոն Զիմորովիչը, եւ այլք»:

Գերաշնորհ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեան ներկաներուն ողջունեց հետեւեալ խօսքերով. «Աղօթքի լեզուն մէկ է, քանի որ Աստուած կը լսէ մեզ ինչպէս գրաբարով, լեհերէնով, լատիներէնով, այնպէս ալ մնացած բոլոր լեզուներով: Աստուածային սիրոյ նոյն ակունքէն բխող արժէքներով կերտուած են մեր` հայ եւ լեհ քրիստոնեայ ժողովուրդներուս մշակոյթները, որոնք որքան ալ տարբեր ըլլան, այնուամենայնիւ, հասկնալի ու հարազատ են զիրար: Փառք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ հնարաւութիւն կ՛ընձեռէ քրիստոնէական մեր եկեղեցիներուն տիեզերական համագործակցութիւնը զօրացնելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ոգին քարոզելու ամբողջ աշխարհին մէջ»:

Արարողութենէն ետք Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Ա. Վաշկոն նախագահ Դուդայի անունէն, ՀՀ դեսպան Ս. Մկրտչեան եւ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Հ. Պոյաճեան ծաղկեպսակներ տեղադրած են Կազիմիր Մեծ թագաւորի շիրիմին: