ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանի հանդիպումը Լիւքսեմպուրկի կաթողիկէ առաջնորդի հետ

Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Նիդերլանտներու եւ Լիւքսեմբուրգի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Պալայեանի ուղեկցութեամբ Նոյեմբերի 17-18-ին այցելեց Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութիւնը։

Նոյեմբերի 17-ի երեկոյեան Սրբազանը եւ դեսպան Պալայեան առիթ ունեցան հանդիպելու եւ զրուցելու երկրի հայ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներու հետ։

Յաջորդ օրը առաւօտեան անոնք այցելեցին Լիւքսեմպուրկի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդարանը, ուր հիւրընկալուեցան Լիւքսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Ժան-Գլոտ Հոլերիշի կողմէ։

Հանդիպման հիմնական նպատակն էր՝ քննարկել Լիւքսեմպուրկ քաղաքի կաթողիիկէ եկեղեցիներէն մէկու առջեւ հայկական խաչքարի զետեղման առնչուող հարցեր։

Զրոյցի սկզիբը Սրբազան Հայրը Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնները եւ Էջմիածին այցելելու հրաւէրը փոխանցեց, ինչի համար Կարտինալը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, փափաքելով այցելել աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկիրը։

Սրբազանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւրոպական ամենափոքր երկրին, ուր կաթոլիկ բնակչութիւնը շուրջ 87% կը կազմէ, Հայաստանի հանդէպ ցուցաբերած դրական դիրքորոշման, զօրակցութեան եւ բարեացակամ յարաբերութիւններու համար։

Խաժակ Սրբազան տեղեկացուց Կարտինալ Հոլերիշին, որ 2018 թուականէն կը նախագահէ Եւրոմիութեան Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը (COMECE)՝ վերջերս ստեղծուած Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի մասին։ Ան ընդգծեց, որ նորաստեղծ խորհուրդի առաջիկայ նպատակներէն է երկխօսութիւն սկսիլ COMECE-ի հետ՝ հովուական եւ հասարակական հարցերու շուրջ։ Կարտինալ Հոլերիշը ուրախութեամբ ընդունեց առաջարկը։ Սրբազանի խնդրանքը՝ եկեղեցի տրամադրել հայ համայնքի հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար՝ բարեհաճութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ ընկալուեցաւ Լիւքսեմպուրկի կաթողիկէ առաջնորդի կողմէ։

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ ընթացող զրոյցի աւարտին, Սրբազանը որպէս յուշ, փոխանցեց բարձրաստիճան հոգեւորականին Մայր Աթոռ Էջմիածինէն բերուած «Տիրամայրը մանկան հետ» փայտէ սրբապատկերը։