ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն 19-րդ հաւաքը

31 յունուար – 4 փետրուար Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան հերթական՝ 19- րդ ժողովը։ Հարկ է նշել, որ այս երկխօսութեան մասնակիցները առանձնապէս հիւրընկալուեցան նաեւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաւատրոս Պատրիարքին կողմէ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ այս երկխօսութեան ժողովներուն մասնակցեցան Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ալ հաւաքին մասնակցեցաւ Բերիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան։ Հարկ է նշել, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ ալ այս ժողովներուն ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան։

Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պիշոյ վանքի «Լոկոս» կեդրոնի համալիրէն ներս տեղի ունեցան երկխօսութեան ժողովները։ Այս երկխօսութեան ամենասկիզբէն ի վեր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչն է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ։

Միջդաւանական բնոյթով ժողով մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով զանազան խնդիրներ արծարծըւեցան։ Օրակարգի հիմնական նիւթերէն մին էր Սուրբ Կոյս Մարիամի ուսուցումը Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութիւններուն մէջ։

Ներկայացւեցան այս կապակցութեամբ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ։ Նիստերուն ժամանակ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի կողմէ այս առթիւ պատրաստուած մասնաւոր ծաւալուն նիւթը։ «Սուրբ Կոյս Մարիամը Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցմունքին եւ կեանքին մէջ» խորագրեալ այս զեկուցումը պատրաստուած էր Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի կողմէ։ Այս վերջինը կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ սոյն ժողովին, ուստի, անոր փոխարէն նորին սրբազնութիւնը ներկայացուց ժողովականներուն։
Երկխօսութեան բոլոր նիստերը անցան բաւական աշխոյժ, շինիչ, հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ՝ քրիստոնէական սիրոյ յարիր պայմաններով։ Հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքին Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու աւանդութեան եւ դաւանանքին մէջ մեծ նուիրուածութեամբ կը պատուուի Սուրբ Կոյս Մարիամը։ Կը շեշտըւի անոր կարեւորագոյն տեղը Քրիստոսի փրկագործութեան առաքելութեան իրականացման մէջ։

Ժողովականները հասան այն եզրակացութեան, թէ դարերու ընթացքին Աստուածամօր մասին կազմուած դաւանաբանական տարբեր մօտեցումներուն գծով օգտագործուած են տարբեր բառեր՝ արտայայտելով նոյն աստուածաբանութեան հասկացութիւնը։ Ներկայիս գոյութիւն ունին տարբերութիւններ, ինչպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած «Անարատ Յղութեան» վարդապետութիւնը։ Արձանագրուեցաւ, որ այդ տարբերութիւնները կը կարօտին ուսումնասիրութիւններու։

Ժողովներու աւարտին Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքին հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Աշոտ Եպսկ. Մնացականեան դաւանակից եկեղեցւոյ գահակալին փոխանցեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական սիրոյ ողջոյնները։