ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Ամսթերտամի «Սուրբ Հոգի» պատմական եկեղեցւոյ վերաբացման 33-րդ տարեդարձը

19-20 Նոյեմբերին Ամսթերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցին հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ․ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեանը, որ ժամանած էր նախագահելու տեղի եկեղեցական համայնքի հիմնադրման 33-րդ տարեդարձին նուիրուած արարողութիւնները։

Նոյեմբերի 19-ին Սրբազան Հայրը նախ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի հետ: Յընթացս ընթրիքի՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Տարօն ներկայացուց նորանշանակ ծխական խորհուրդի անդամները, որմէ ետք Սրբազան Հայրը ներկաներուն խօսեցաւ ծխական խորհուրդի կարեւորութեան եւ առաքելութեան մասին:

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հետ հանդիպում: «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ ԱՅՈ երիտասարդաց միութիւնը դասախօսութիւն կազմակերպած էր պսակի խորհուրդի եւ յարաբերութիւններու մասին թեմայով: Խաժակ Սրբազանը հետաքրքիր կերպով, տարբեր օրինակներով ներկայացուց երիտասարդներուն ընտանիքի մոտելը, յարատեւ ու երջանիկ միութեան պահպանման գրաւականները: Հանդիպման սկիզբը ձեւաւորուեցաւ ազատ, անկեղծ ու անմիջական մթնոլորտ, որ առիթ հանդիսացաւ երիտասարդներուն անկաշկանդ յղել իրենց յուզող հարցերը եւ ստանալ սպառիչ պատասխաններ:

Նոյեմբերի 20-ին Սրբազան Հայրը Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց: Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ եկեղեցին կառուցողներու եւ պատմութեան ընթացքին իրենց ծառայութիւնը հայ համայնքին ու եկեղեցւոյ պահպանման համար մատուցած ննջեցեալ հայորդիներու համար: Ապա կատարուեցաւ մատաղօրհնութեան աւանդական արարողութիւն, որուն յաջորդեց սիրոյ սեղանը: Ներկաները իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարեցին ի պահպանութիւն եւ ի պայծառութիւն «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ եւ ծխական համայնքի: