Ս․ թ․ Հոկտեմբեր 2-ին Վատիկանի մէջ, Ֆրանչիսկոս քահանայապետի նախագահութեամբ բացուեցաւ Եպիսկոպոսներու Սինոտի 16-րդ հերթական ընդհանուր ժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 26։
Այս պատմական ժողովը, որ յայտնի է որպէս «Ժողովականութեան սինոտ», շուրջ 400 մասնակիցներ համախմբած է՝ եպիսկոպոսներ, տարբեր եկեղեցականներ՝ քահանաներ, ինչպէս նաեւ աշխարհականներ, որպէսզի քննարկեն, թէ եկեղեցին ինչպէս կրնայ դառնալ աւելի ներառական եւ մասնակցային իր առաքելութեան եւ կառավարման հարցերու մէջ։
✅Շեշտադրում Ժողովականութեան եւ փոխգործակցութեան վրայ
Սինոտը նպատակ ունի ուսումնասիրել, թէ Կաթոլիկ եկեղեցին ինչպէս կրնայ աւելի ամբողջական կերպով մարմնաւորել ժողովականութեան (սինոտականութեան)՝ «միասին քալելու» ոգին՝ խթանելով խոր փոխգործակցութիւն բոլոր անդամներու միջեւ։ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս կարեւորած է եկեղեցականներու կողքին՝ աշխարհականներու եւ լուսանցքային հասարակական խումբերու ձայնը լսելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ընդգծած է, որ այս գործընթացի նպատակն է ոչ թէ անհատական օրակարգերը առաջ մղել, այլ՝ համատեղ որոշել, որ Եկեղեցին իր առաքելութեան ընթացքին ինչպէս կրնայ լաւագոյնս ծառայել աշխարհին։
Ըստ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի տեսլականին, սինոտալ Եկեղեցւոյ համար անհրաժեշտ է եպիսկոպոսներու եւ աշխարհականներու միջեւ առաւել մեծ համագործակցութիւն, հիմք ընդունելով Վատիկանի Բ․ Ժողովի ուսմունքները եւ արձագանգելով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն։
Այս սինոտի մէջ աշխարհական ներկայացուցիչներու, յատկապէս կիներու, մասնակցութիւնը դէպի յառաջ կարեւոր քայլ է, որ կը նպաստէ Եկեղեցւոյ ներսը աւելի ներառական որոշումներ կայացումին։
✅Աշխատանքային օրակարգի հիմնահարցերը
Հզօրացնել աշխարհականներու դերը Եկեղեցւոյ կառավարման եւ որոշումներու կայացման ընթացքին:
Առերեսուիլ կղերապաշտութեան՝ խթանելով առաջնորդութեան աւելի խոնարհ եւ ծառայութեան նուիրուած տիպարը:
Կիներու դերը Եկեղեցւոյ մէջ, կեդրոնանալով անոնց առաջնորդական դերի ընդլայնման:
Միսիոներական յանձնառութիւն՝ քննարկելով, թէ Եկեղեցին ինչպէս կրնայ առաւել աջակցիլ լուսանցքային գօտիի մէջ գտնուող համայնքներուն եւ դառնալ արդարութեան եւ հաշտութեան ձայնը:
Սինոտը միայն խորհրդածութեան պահ չէ, այլ նպատակ ունի հարթել ճշգրիտ քայլեր դէպի աւելի ներառական, սինոտալ եւ իր առաքելութեամբ ուղղորդուող Եկեղեցի:
✅Մասնակցութիւն Էքիւմենիկ եւ եղբայրական ոգիի ներքոյ
Յատկանշական է, որ այս սինոտին կը մասնակցին նաեւ փոքր թիւով տարբեր քրիստոնէական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները, ինչ որ կը կարեւորէ անոր էքիւմենիկ բնոյթը: Անոնց շարքին է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան․ Սրբազանը կը մասնակցի նիստերուն որպէս «Եղբայրական պատգամաւոր» Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ:
Սրբազանին ներկայութիւնը կը վկայէ էքիւմենիկ համագործակցութեան եղբայրական ոգիի մասին՝ ընդգծելով քրիստոնէական համայնքներու միջեւ միասնականութեան եւ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը ընդհանուր մարտահրաւէրները դիմակայելու համար:
Սինոտի ժողովի բացման նստաշրջանի ընթացքին Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան հնարաւորութիւն ունեցած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին փոխանցել Գարեգին Բ․ Վեհափառի ողջոյններն ու լաւագոյն մաղթանքները:
✅ Ճանապարհ դէպի Նորոգում
Ակնյայտ է, որ շուրջ մէկ ամիս շարունակուող Սինոտը կենսարար գործընթաց է Եկեղեցւոյ նորոգման ճանապարհին: Այս ժողովի քննարկումներն ու անդրադարձները պիտի ձեւաւորեն Եկեղեցւոյ կառավարման, հովուական առաջնահերթութիւններու եւ միսիոներական յանձնառութեան ապագան: Սինոտի աւարտէն ետք սպասուող վերջնական զեկոյցը կ՛ուղղորդէ Եկեղեցին փորձելով իրականացնել աւելի սինոտալ կառավարման եւ ներգրաւուածութեան ձեւեր բոլոր մակարդակներով:
Սինոտի աշխատանքները, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ 2025 թուական, նպատակ ունին տեւական ներդրումներ բերել Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ՝ խթանելով միասնութիւն, մասնակցութիւն եւ աւետարանում հետզհետէ առաւել բարդ եւ բաժնուած աշխարհի մէջ: