ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ

Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթոլիկ Եկեղեցիներու Յարաբերութիւններու Պատմութիւնը

Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները կու գան դարերու խորքէն։ Անոնք առաւել սերտացած են յատկապէս 12-14-րդ դարերուն՝ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակ, երբ այդտեղ տեղափոխուած էր Կաթողիկոսական աթոռը։ Խաչակիրներու արշաւանքներու ընթացքին Պապական դեսպանորդներ շարունակական կապեր կը հաստատէին Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն հետ, որոնք եկեղեցիներու մերձեցման միջոցով հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին յոյս կը տածէին արեւմտեան տէրութիւններու եւ Հռոմի Պապի քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւնը։ Այդ յարաբերութիւններու շնորհիւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ որոշ ծիսական աւանդոյթներ մուտք կը գործեն մեր եկեղեցի, միաժամանակ արեւմտեան մշակոյթը իր շօշափելի հետքը կը ձգէ հայ գրականութեան, գիտութեան, /հայկական/ արուեստի եւ մանրանկարչութեան վրայ, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ:

Նորագոյն պատմութեան ժամանակահատուածին միջեկեղեցական յարաբերութիւնները լրիւ նոր զարգացում եւ որակ կը ստանան շնորհիւ Վատիկանի Բ. ժողովի, որ կը սկսի 1962 թ. Հռոմի Յովհաննէս ԻԳ. Պապի գահակալութեան վերջին տարիներուն եւ կ՛աւարտի 1965 թ․ Պօղոս Զ. Պապի օրով։

1963 թ. Պօղոս Զ. Պապի հրաւէրով՝ այդ ժողովին կը մասնակցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն՝ Տ. Պարգեւ Եպս. Գէորգեանը եւ Տիար Գէորգ Պեքմեզեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Տ․ Գարեգին Եպս. Սարգիսեանը եւ Տ․ Արտաւազդ Եպս․ Թրթռեանը։

Այսպիսով, նոր էջ կը բացուի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ, որուն փաստացի վկայութիւններէն է 1970 թ․ Մայիսի 8-12-ը Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի Վատիկան այցելութիւնը՝ Երուսաղէմի Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի ուղեկցութեամբ։ Պատմական այդ այցի աւարտին կը ստորագրուի Համատեղ Յայտարարութիւն1: Այդ յայտարարութեան մէջ երկու գահակալները կը հրաւիրեն բոլոր քրիստոնեաները, յատկապէս Կաթոլիկ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու հետեւորդները, աւելի մեծ հաւատարմութեամբ արձագանգելու Սուրբ Հոգիի կոչին,  խթանելով զանոնք աւելի խոր միասնութեան, որ կը կատարէ մեր ընդհանուր Փրկիչի կամքը եւ արդիւնաւէտ կը դարձնէ քրիստոնեաներու կողմէ աշխարհի ծառայութիւնը: Անոնց յոյսն է, որ սերտ համագործակցութիւն կը զարգանայ քրիստոնէական կեանքի բոլոր հնարաւոր ոլորտներու մէջ, քրիստոնէական սկզբունքներու հիման վրայ, ժամանակակից աշխարհի խնդիրներուն լուծումներ գտնելու համար։

Ձեռք բերուած համաձայնութիւններու որպէս արձագանգ կը սկսին երկխօսութիւններ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբաններու միջեւ։

1994 թ․ Ապրիլի 22-ին Մայր Աթոռ Ս. էջմիածինի մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարտինալ Սիլվեստրինի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կը յանձնէ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու մասունքները2 :

Կաթոլիկ հոգեւորականներն ու աստուածաբանները Սուրբ Էջմիածին կ՛այցելեն, մինչդեռ երիտասարդ հայ հոգեւորականներուն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի շարունակել իրենց աստուածաբանական բարձրագոյն կրթութիւնը կաթոլիկ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։

Սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ու թեմերու գործունէութեան աշխուժացումը կը նպաստէ Կաթոլիկ եւ Հայ եկեղեցւոյ միջեւ հովուական եւ համայնական հարցերու շուրջ երկխօսութեան։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա․ Սարգիսեանի Վատիկան կատարած այցելութեամբ, 1996 թ. Դեկտեմբերի 10-14-ին, կը սկսի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու նոր փուլ մը, ուր ներկայ էին նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանը։ Այցի աւարտին ստորագրուած Համատեղ Յայտարարութեան 3  մէջ երկու Քահանայապետները կը հռչակեն ընդհանուր հաւատքը առ Տէր Յիսուս Քրիստոս՝ յուսալով «աւելի կանոնաւոր եւ խորը երկխօսութիւն ու աւելի բարձր փոխըմբռնում»։

Հակառակ իր առողջական ծանր վիճակին, Գարեգին Ա․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 1999 թ․ Մարտի 24-ին կ՛այցելէ Հռոմ՝ Սրբազան Քահանայապետի հետ Վատիկանի Առաքելական գրադարանի մէջ հայոց մկրտութեան 1700-ամեակին նուիրուած «Հոոմ-Հայաստան» ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը նախագահելու, որուն  ներկայ էր նաեւ ՀՀ Նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը4։

Մէկ տարի անց, 2000 թ. Նոյեմբերի 9-10-ը, նորընտիր Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Հայրապետի Վատիկան կատարած առաջին պաշտօնական այցի ընթացքին կը ստորագրուի Միացեալ Հաղորդագրութիւն5, որ եւս մէկ քայլ էր երկու Եկեղեցիներու միջեւ լիակատար հաղորդակցութեան վերահաստատումին։ Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուէր. «Մենք միասնաբար կը խոստովանինք եւ կը հաւատանք Երեք եւ Մէկ Աստուածութեան՝ Մէկ Տիրոջ, Յիսուս Քրիստոսին, Աստուծոյ միակ Որդիին, որ մարդացաւ մեր փրկութեան համար: Մենք նաեւ կը հաւատանք Մէկ, Կաթոլիկ, Առաքելական եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ: Արդարեւ, եկեղեցին, ինչպէս Քրիստոսի մարմինը, մէկ Է եւ եզակի: Այս մեր հասարակութեան հաւատքն Է՝ հիմնուած Առաքեալներու Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսմունքի վրայ: Մենք նաեւ կ՛ընդունինք, որ Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ Հայոց Եկեղեցին, երկուքը, ունին ճշմարիտ խորհուրդներ, առաւել եւս, եպիսկոպոսներու առաքելական յաջորդականութեամբ՝ քահանայութիւնը եւ Հաղորդութեան Խորհուրդը»։ Միացեալ Հաղորդագրութիւնը կ՛աւարտուի նշելով, որ տարբեր ծիսական, աստուածաբանական եւ կանոնական աւանդոյթները զիրար աւելի կը լրացնեն, քան թէ  կը հակասեն։

Նոյեմբերի 10-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ․-ի եւ Գարեգին Բ․-ի նախագահութեամբ  Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցած սրբազան արարողութեան ընթացքին Հռոմի Պապը Վեհափառին կը յանձնէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները, որոնք մինչ այդ սրբօրէն կը պահուէին Նէապոլի համանուն կաթոլիկ տաճարի մէջ/ Chiesa di San Gregorio Armeno/: Ներկայիս անոնք զետեղուած են Երեւանի  Սբ․  Գրիգոր  Լուսաւորիչ  Մայր եկեղեցւոյ գաւիթի մէջ գտնուող՝ Սբ․ Էջմիածինէն այստեղ բերուած հին խորանի ներքոյ։

Վեհափառի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապը 2001 թ․-ի Սեպտեմբեր 25-27-ին, Քրիստոնէութիւնը պետական ​​կրօնք հռչակման 1700-ամեակի տօնակատարութեան առիթով, կ՛այցելէ Հայաստան։ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ՝ Սրբազան Քահանայապետի այս առաջին այցը Հայաստանը կը մեկնարկէ Էջմիածինի Մայր Տաճարի մէջ «Հրաշափառի» բարիգալստեան արարողութեամբ: Հռոմի Պապը իր շքախումբի հետ կը հիւրընկալուի Վեհարանի մէջ։ Յաջորդ օրը Վեհափառ Հայրապետի ընկերակցութեամբ այցելելով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Լռութեան Պատին կը տեղադրէ Պենետիկտոս ԺԵ Պապի յուշաքարը եւ Ցեղասպանութեան զոհերու թանգարանին կը փոխանցէ սուլթանին ուղղուած անոր նամակը, որուն մէջ Հռոմի Քահանապետը կը մեղադրէր երիտթուրքերուն Հայկական ջարդերու համար: Այնուհետեւ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ անմեղ նահատակներու։ Այցի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը Երեւանի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը մասնակցի միջեկեղեցական արարողութեան, կը մատուցէ լատինածէս Սուրբ Պատարագ Մայր Աթոռի բաց Խորանի վրայ, ինչպէս նաեւ կ՛այցելէ Խոր Վիրապ, ուր Վեհափառը անոր կը յանձնէ Գրիգոր Լուսաւորիչի մատուռի ճրագէն վառած լոյսը, զոր ան իրեն հետ բերած էր Վատիկան։ Այս այցի ընթացքին նոյնպէս կը ստորագրուի Համատեղ Յայտարարութիւն 6։

«Քրիստոնէական միութեան խրախուսման» քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Վալտեր Կասպեր 2002 թ․ Սեպտեմբերի 10-ին կը դիմէ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու գահակալներուն՝ երկու եկեղեցական ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւն սկսելու նպատակով։

2003 թ․ Յունուարի 27-29-ը Հռոմի մէջ կը գումարուի երկխօսութեան Կազմակերպիչ յանձնախումբի հանդիպումը, որուն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին Խաժակ Արք․ Պարսամեանը (Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն) եւ Նարեկ Եպս․ Ալեէմեզեանը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն)։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը պաշտօնապէս կը հաստատէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երկխօսութեան միջազգային համատեղ յանձնաժողովի աշխատանքային ծրագիրը, օրակարգը, անդամակցութիւնը, մեթոտաբանութիւնն ու ժամանակացոյցը։ Այդ առթիւ որոշում կը կայացուի կազմակերպել ամէնամեայ հանդիպումներ 7։

2005 թ Ապրիլի 8-ին Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․-ի  հետ միասին կը մասնակցին Վատիկանի մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Պապի յուղարկաւորութեան։

Պենետիկտոս  ԺԶ․ Պապի հրաւէրով 2008 թ․ Մայիսի 6-9-ը  Հռոմ կատարած այցի ընթացքին Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսին կ՛ուղեկցէին խումբ մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Այդ առիթով Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն Հռոմ ժամանած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ բարերարներ եւ յայտնի գործիչներ։ 8

Հայոց եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւններու զարգացման համար խորհրդանշական եղաւ 2015 թ Ապրիլի 12-ին Վատիկանի Սբ․ Պետրոսի Մայր Տաճարի մէջ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․-ի ներկայութեամբ՝ Մեծ Եղեռնի Սուրբ Նահատակներու յիշատակին մատուցուած քահանայապետական Պատարագը, որու ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապը կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ Սբ․ Գրիգոր Նարեկացին կը հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։ Այդ արարողութեան ներկայ էր նաեւ ՀՀ Նախագահ Ս․ Սարգսեանը։

Մօտ մէկ տարի անց, 2016 թ Յունիսի 24-26-ը, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կ՛այցելէ Հայաստան «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով։ Այդ առիթով Մայր Տաճարին մէջ Հրաշափառի բարիգալստեան արարողութիւն  տեղի կ՛ունենայ։ Յունիսի 25-ին  երկու գահակալները կ՛այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ապա կը մեկնին Գիւմրի, ուր Սրբազան Քահանայապետը լատինածէս պատարագ կը մատուցէ քաղաքի կեդրոնական հրապարակի մէջ։ Նոյն երեկոյ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մէջ Պապը եւ Վեհափառը բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեամբ կը նախագահեն Խաղաղութեան նուիրուած միջեկեղեցական արարողութիւնը։ Յաջորդ օրը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռի Սբ․ Տրդատի բաց խորանին մէջ կը մատուցէ Սբ․ Պատարագ, որուն իր աղօթակցութեամբ կը մասնակցի Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը։ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնելէ առաջ Հայոց Հայրապետին հետ կ՛այցելելեն  Խոր Վիրապի վանքը, ուր միասնական աղօթքէն ետք, իրենց Հայեացքները ուղղած դէպի պիպլիական Արարատ լեռը՝ որպէս խաղաղութեան խորհրդանիշ ճերմակ աղաւնիներ ազատ կ՛արձակեն դէպի սահման։

Այդ պատմական այցելութեան առթիւ երկու նուիրապետերը կը ստորագրեն համագործակցութեան նոր Յուշագիր մը եւ Համատեղ Յայտարարութիոն 9, որ կը յորդորէ երկու Եկեղեցիներու հաւատացեալները ներդաշնակօրէն աշխատելու հասարակութեան մէջ քրիստոնէական արժէքներու զօրացման համար, որոնք արդիւնաւոր կերպով կը նպաստեն արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային համերաշխութեան քաղաքակրթութեան կառուցման: Ան նաեւ կոչ է՝ գտնել հակամարտութիւններու քաղաքական լուծումներ, ապահովել օրէնքի գերակայութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական էթնիկ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը։ Երկու կրօնապետները կ՛արձանագրեն, որ «հակառակ քրիստոնեաներու միջեւ առկայ բաժանումները, այն, ինչ մեզ կը միաւորէ, աւելին է, քան այն, ինչ մեզի կը բաժնէ, որու վրայ ալ պէտք է կառուցել Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութիւնը»։

2018 թ Ապրիլի 4-ին՝ Վատիկանի այգիներու մէջ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի հանդիսաւոր բացման ներկայ կ՛ըլլան Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց եւ Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները, ինչպէս նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

Նոյն տարուան Հոկտեմբերի 24-ին Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կրկին կ՛այցելէ Սրբազան Քահանայապետին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ կ՛ունենայ շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ։ 10

Միջեկեղեցական յարաբերութիւնները առաւել ամրապնդելու նպատակով 2018 թ Նոյեմբերի 27-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի կողմէ Խաժակ Արք․ Պարսամեան կը նշանակուի Սուրբ Աթոռի մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ։

Հայազգի մարտիրոս Ս. Մինասի նահատակութեան եւ համանուն տաճարի հիմնադրման 1000-ամեակին նուիրուած, 2019 թ․ Ապրիլի 27-ին Ֆլորենսայի (Իտալիա) San Miniato al Monte տաճարի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Կրօններու փառատօն» միջեցեղեցական արարողութիւն, որուն կը մասնակցի եւ բանախօսութեամբ հանդէս կու գայ Սրբազան Հայրապետը։

2020 թ Սեպտեմբերի 27-ին Գարեգին Բ․ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում կ՛ունենայ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի հետ, որու ընթացքին Վեհափառը կը ներկայացնէ նաեւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, կարեւորելով Սրբազան Քահանայապետի կոչը հակամարտութեան դադրեցման եւ խաղաղութեան վերահաստատումին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Տարբեր առիթներով Վատիկան այցելած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազան Հայրապետերը։

1967 թ Մայիս 3-ին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա. այցելած է Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Պօղոս Զ․-ին: 11

1983 թ Ապրիլ 15-19-ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ Հռոմի մէջ այցելած է Պօղոս Զ․ Պապին։

1997 թ. Յունուար 23-26-ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ այցելած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին եւ ստորագրուած է Համատեղ Յայտարարութիւն։ 12

2008 թ Նոյեմբեր 24-ին

Արամ Ա․ Կաթողիկոս  այցելած է Հռոմի Պապ Պենետիկտոս  ԺԶ․-ին։ 13

2014 թ Յունիս 5-ին

Արամ Ա․ Կաթողիկոս  այցելած է  Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին։ 14

2016 թ Նոյեմբեր 11-ին

Արամ Ա․ Վեհափառը երկրորդ անգամ  հանդիպած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

  1. http://www.christianunity.va/content/unitacristiani/it/dialoghi/sezione-orientale/chiese-ortodosse-orientali/relazioni-bilaterali/chiesa-apostolica-armena/chiesa-apostolica-armena–sede-di-etchmiadzin–armenia-/dichiarazioni-comuni/1970-paolo-vi-e-vasken-i-/testo-in-inglese.html
  2. http://echmiadzin.asj-oa.am/7362/1/p.23-26.pdf
  3. http://tert.nla.am/archive/HGG%20AMSAGIR/echmiadzin-vagharshapat/1996/1996(12).pdf /էջ 68/։
  4. http://tert.nla.am/archive/HGG%20AMSAGIR/echmiadzin-vagharshapat/1999/1999(3).pdf /էջ․ 19/
  5. http://tert.nla.am/archive/HGG%20AMSAGIR/echmiadzin-vagharshapat/2000/2000(11).pdf /էջ․ 16/
  6. http://tert.nla.am/archive/HGG%20AMSAGIR/echmiadzin-vagharshapat/2001/2001(9).pdf /էջ․ 33/
  7. http://www.christianunity.va/content/unitacristiani/it/dialoghi/sezione-orientale/chiese-ortodosse-orientali/commissione-mista-internazionale-per-il-dialogo-teologico-tra-la/rapporti/2003-comitato-preparatorio-per-lattivazione-di-una-commissione-d/comunicato/testo-in-inglese.html
  8. https://armenian-church.eu/wp-content/uploads/2021/02/ԷՋՄԻԱԾԻՆ_2008.pdf
  9. http://www.vatican.va/content/francesco/hy/speeches/2016/june/documents/papa-francesco_20160626_armenia-dichiarazione-congiunta.html
  10. http://www.christianunity.va/content/unitacristiani/en/news/2018/karekin-visita-papa-francesco.html
  11. http://www.vatican.va/content/paul-vi/fr/speeches/1967/may/documents/hf_p-vi_spe_19670503_catholicos-khoren-i.html
  12.  http://www.christianunity.va/content/unitacristiani/it/dialoghi/sezione-orientale/chiese-ortodosse-orientali/relazioni-bilaterali/chiesa-apostolica-armena/chiesa-apostolica-armena–catholicossato-di-antelias–libano-/dichiarazioni-comune/1997-dichiarazione-comune-di-giovanni-paolo-ii-e-aram-i/testo-in-inglese.html
  13. http://www.vatican.va/content/benedict-xvi/en/speeches/2008/november/documents/hf_ben-xvi_spe_20081124_catholicos.html
  14. http://www.vatican.va/content/francesco/en/speeches/2014/june/documents/papa-francesco_20140605_aram-i-catholicos-armeni.html